2019-ԻՆ ՊԻՏԻ ԶԱՐԳԱՆԱՆ ՆԱԹՕ-ՎՐԱՍՏԱՆ ԿԱՊԵՐԸ

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ յառաջիկայ մարտին պիտի այցելէ Վրաստան։ ԹԱՍՍ ռուսական գործակալութեան հաղորդումներով, Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի յայտնեց, որ 2019 թուականին համագործակցութիւնը պիտի ընդլայնի իր երկրին ու դաշինքի միջեւ։ Յառաջիկայ մարտին նախատեսուած են ՆԱԹՕ-Վրաստան զօրավարժութիւնները։ Ընդհանուր քարտուղարին այցելութիւնն ալ նախատեսուած է անոնց դիտարկման համար։

Իր կարգին, Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզորիա եւս անդրադարձաւ զօրավարժութիւններուն։ Ըստ իրեն, 2019-ի ռազմափորձերը աւելի լայն ձեւաչափ մը պիտի ունենան՝ թէ՛ դաշնակից երկիրներու մասնակցութեան եւ թէ ենթակառուցուածքներու օգտագործման տեսակէտէ։

Հինգշաբթի, Յունուար 3, 2019