Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. «ԱՄՆ-Ի ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՎԵՐՋԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ՎԻՐԱՒՈՐԱԾ Է ԶԻՍ»

Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ հարցազրոյց մը տուաւ NTV հեռուստակայանին։ Լրագրող Տենիզ Թիւյսիւզի հետ զրուցելու ժամանակ ան յայտնեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայկական հարցին շուրջ առնուած որոշումը վիրաւորած է զինքը։ Նորին Ամենապատուութիւնը հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է հետեւեալը.

«Մենք սփիւռք չենք։ Մենք միշտ այստեղ էինք, այս երկրին մէջ մնացինք։ 1915-ի ցաւալի դէպքերէն վերջ նախընտրեցինք այստեղ մնալ։ Անցեալ 105 տարին սփիւռքի հայերէն տարբեր ապրեցանք։ Անոնք 1915-ի ցաւալի յիշողութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցեցին եւ այդ թրաւմայով գոյատեւեցին։ Իսկ մենք այդ թրաւման յաղթահարեցինք, չմոռցանք, սակայն յաղթահարեցինք։ Համակեցութեան կախարդանքը իրականացաւ»։

Ուրբաթ, Յունուար 3, 2020