ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽԱՂԱՑՈՂ

ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմինը երէկ ժողով մը գումարեց՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։ Ժողովի ընթացքին արժեւորուեցան երկրի արտաքին ու ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները։ Կուսակցութեան բանբեր Էօմէր Չելիք ժողովէն վերջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ «Թուրքիան այլեւս մանիփիւլասիոնի ենթարկուելիք երկիր մը չէ։ Թուրքիա համաշխարհային մակարդակով մեծ դերակատար մըն է, ինչ որ բոլորին կողմէ կ՚ընդունուի», ըսաւ ան։

Ըստ Էօմէր Չելիքի, Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմով ստեղծուած տարածաշրջանային եւ համաշխարհային համայնապատկերը արտաքին քաղաքականութեան գետնի վրայ Թուրքիոյ դիմագրաւած մեծագոյն հարցերէն մին է։ «Միշտ կը շեշտենք, որ խնդիրները պէտք է լուծուին դիւանագիտական ճանապարհով։ Կարելի է ըսել, որ մեր դիմաց կ՚ուրուագծուի երկարատեւ պաղ պատերազմ մը։ Այս ամբողջին մէջ Թուրքիոյ դիւանագիտական հաւասարակշռութեան եւ կարողութեան արժէքը հերթական անգամ նկատուած է՝ Հարաւային Կովկասէն մինչեւ Հիւսիսային Ափրիկէ եւ Մերձաւոր Արեւելքէն մինչեւ Պալքաններ։ Եւրոմիութեան դիւանագիտութիւնը մնաց շատ անբաւարար։ Եւրոմիութեան ժողովներուն մեր նախագահի բացակայութեամբ Ռուսաստան-Ուքրայնա խնդրի խօսակցութեան կարելիութեան վերաբերեալ սխալ ընկալում մը կայ։ Առանց մեր Հանրապետութեան նախագահին Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին մասին խօսիլը դատապարտուած է մտային վարժանքի մակարդակի վրայ մնալու», նշեց Էօմէր Չելիք։

Երեքշաբթի, Յունուար 3, 2023