ՄԱՀ՝ ՅԱՅՏՆԻ ԲԺԻՇԿ ԿԱՄՕ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ

Ներկայ տարեմուտի դրութեամբ տխուր եւ ցաւալի լուր մը հասաւ Երեւանէն. ոչ եւս է յայտնի բժիշկ Կամօ Տէր-Պետրոսեան, որ հարազատ եղբայրն է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի։ Բաւական երկար ժամանակ առաջ նախագահ Տէր-Պետրոսեան կորսնցուցած էր իր աւագ եղբայրը՝ Թելման Տէր-Պետրոսեանը, իսկ ներկայիս արդէն վրայ հասած է Կամօ Տէր-Պետրոսեանի մահը՝ 76 տարեկան հասակին։

Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, Կամօ Տէր-Պետրոսեանի հոգեհանգիստը տեղի կ՚ունենայ վաղը երեկոյեան, Երեւանի արուարձաններէն Նորքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Յուղարկաւորութիւնն ալ նախատեսուած է յաջորդ օր, կէսօրուան ժամերուն, նոյն եկեղեցին։

Կամօ Տէր-Պետրոսեան ծնած էր 20 նոյեմբեր 1946 թուականին, Կիրովականի մէջ։ Աւարտած էր Երեւանի Բժշկական համալսարանը։ Երկար տարիներ աշխատած էր Սրտաբանութեան եւ սրտի վիրաբուժութեան կաճառի խտացեալ դարմանման բաժանմունքէն ներս եւ նախկին «Լեչքոմիսիա» հիւանդանոցին մէջ։ Կազմակերպած եւ ղեկավարած էր «Գարակէօզեան» բարեգործական հիմնադրի ծրագրով՝ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մանկական առողջապահական ցանցը։ Գիտական գետնի վրայ՝ որպէս հեղինակաւոր բժիշկ համբաւ ձեռք բերած էր։

Մասնագիտական աշխատանքին առընթեր, Կամօ Տէր-Պետրոսեան գործունէութիւն ծաւալած էր նաեւ հասարակական գետնի վրայ։ Այսպէս, ժողովրդական շրջանակներէն ներս ծանօթ էր՝ որպէս «Մուսա լեռ» հայրենակցական միութեան երկարամեայ նախագահ։ Հայաստանի ռատիոյի գրական հաղորդումներու բաժնէն ներս եւ հանրային գրական երեկոյթներու ընթացքին կ՚ասմունքէր արեւմտահայ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւնները։

Այս դառն կորուստին առթիւ ի սրտէ կը բաժնենք համայն Տէր-Պետրոսեան գերդաստանի սուգը՝ ի մասնաւորի վշտակցելով նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին, որ այս կորուստին ցաւը կը դիմագրաւէ մօտաւոր անցեալին ենթարկուած սրտի միջամտութեամբ պայմանաւորուած կացութեան մէջ։  

Երեքշաբթի, Յունուար 3, 2023