2023-Ի ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ

«Դեմոկրատական այլընտրանք» կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նախագահ Սուրէն Սուրէնեանցի հետ Հայաստանի առկայ վիճակին շուրջ ունեցանք հարցազրոյց մը, որու սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

-Օրերս խօսելով «Առաջին լրատուական»ի տաղաւարէն՝ դիպուկ կերպով ըսիք, որ Հայաստանի գործող իշխանութիւնները «Մոսկուան Տիզբոն դարձուցին ու հիմա իշխանութիւններուն ղեկավարը իր ընտանիքով հանդերձ կ՚երթայ Ռուսաստան»։ Ձեր այս խօսքէն արդեօք հասկնա՞նք, որ Փաշինեանի համար այս նեղ միջոցին դժուարացած է ճշգրիտ կողմնորոշուիլ Արեւելք-Արեւմուտք ներկայ խաղին մէջ։

-Միանգամայն ճիշդ էք. Հայաստանի գործող իշխանութիւնը խճճուած է տարբեր օտար օրակարգերու մէջ՝ չունենալով սեփականը: Այս բոլորին «լուսապսակը» դարձաւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի վերջին հարցազրոյցը։ Որպէսզի հասկնալի ըլլայ Արմէն Գրիգորեանի այդ հարցազրոյցին վտանգաւորութիւնը՝ կ՚ուզեմ ընել աւելի պատկերաւոր նկարագրութիւն մը: Ըստ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի տրամաբանութեան՝ իր ղեկավար Փաշինեանը Սեն Փեթերսպուրկի մէջ գագաթաժողովի ու ճաշկերոյթի մասնակցած է «Հիթլէրի» մը ու «Սթալինի» մը հետ, որ մեզ կը տանի դէպի ինչ-որ «միութիւն»: Մեր քաղաքական, հանրային միտքը ցաւօք քանի մը ճշմարտութիւն չհասկցաւ։

Չհասկցաւ, որ «շանթաժ» ընելը ծիծաղելի արկածախնդրութիւն է, երբ անոր թիրախը կրնայ կոտրել պետութեանդ ողնաշարը՝ առանց փող ու միջոց ծախսելու:

Չհասկցաւ, որ մեր չհիմնաւորուած ազգային յաւակնութիւնները, որոնք չկատարելուն համար հիասթափուած ենք Ռուսաստանէն, պիտի չկատարեն նաեւ արեւմտեան կեդրոնները, որոնք տարածաշրջանին մէջ ռուսական ներկայութենէն ազատելու համար «մարդասիրական» հայեացքով պիտի հետեւին Լեռնային Ղարաբաղի հայաթափութեան:

Չհասկցաւ, որ պետութիւն ունենալու յաւակնութիւնով ժողովուրդները զարգացման ուղեցոյց ու օրակարգ կը մշակեն՝ հրաժարելով որդեգիր փնտռելու որբի բարդոյթէն:

-Նոյն հարցազրոյցին մէջ նշած էիք, որ Լաչինի միջանցքի կարգավիճակը այլեւս պիտի չըլլայ այն, ինչ որ էր 12 դեկտեմբերէն առաջ՝ նախքան միջանցքի փակումը Ատրպէյճանի կողմէ։ Ինչպէ՞ս կը դիտարկէք իրավիճակը եւ ձեր կարծիքով ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ Լաչինի միջանցքի իրավիճակը վերաբացումէն յետոյ։

-Լաչինի միջանցքը կրնայ բացուիլ երկու պարագայով. կա՛մ պէտք է համախմբուած միջազգային ճնշում բանեցուի Ատրպէյճանի վրայ, կամ հայկական կողմը որոշակի զիջումներու երթայ։ Մենք չենք տեսներ միջազգային այնպիսի ճնշում մը, որ գին վճարելու պարտաւորութեան առջեւ կանգնեցնէ Ալիեւը։ Ըստ այդմ, կը մնայ Հայաստան-Ատրպէյճան երկխօսութիւնը, որ կ՚ենթադրէ փոխզիջումներ։ Քանի որ ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը մեր օգտին չէ, այդ մէկը պիտի յանգեցնէ, թէ Լաչինի միջանցքին մէջ վերաբացումէն յետոյ որոշակի ներկայութիւն ունենայ Ատրպէյճան՝ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան հետ։ Այս մասին է, որ կ՚ակնարկէի յիշեալ հարցազրոյցին մէջ։

-Ռուսաստան մեծապէս կը տուժէ տարածաշրջանին մէջ եւ այս տատանումները կարծէք ձեւով մը անվերականգնելի են՝ այն իմաստով, որ Մոսկուայի համար Հարաւային Կովկասի մէջ իր դիրքերը պահպանելու խնդիրը ամէն օր աւելիով կը դառնայ երկրորդական։ Ի վերջոյ, Ռուսաստան կը լքէ՞ այս տարածքը կամ կը վերափոխէ՞ իր դերը հայկական կողմին նկատմամբ։

-Ռուսաստան Ուքրայնայի պատերազմին հետեւանքով թուլացած է ու կորսնցուցած՝ նաեւ իր զգալի կարողութիւնները մեր տարածաշրջանին մէջ։ Սա փաստ է, որ այլեւս անհնար է շրջանցել։ Բայց ես այն կարծիքին չեմ, որ Մոսկուա կը հեռանայ Հարաւային Կովկասէն կամ կը դադրի մեր տարածաշրջանին մէջ խաղալ «առաջին ջութակի» դերը։ Մոսկուա պարզապէս պիտի փոխէ իր քաղաքականութեան շեշտադրումները՝ յատկապէս Ուքրայնայի պատերազմին հետեւանքով։ Այս պատճառով Թուրքիա այսքան կարեւոր երկիր դարձած է։ Մոսկուա պիտի չուզէ որեւէ առճակատման երթալ Անգարայի հետ՝ խուսափելու համար տարածաշրջանին մէջ երկրորդ ճակատ բանալէ։ Այս իրողութիւնը պէտք է ընդունինք ի գիտութիւն ու վերանանք այն պատրանքներէն, թէ Մոսկուա մեր շահերուն համար պատրաստ է գժտուիլ Անգարայի կամ Պաքուի հետ։

-Միւս կողմէ, մենք կը նկատենք, որ Թուրքիա տարածաշրջանին մէջ կը դառնայ հետզհետէ աւելի մեծ խաղացող մը։ Այդ առումով ի՞նչ են ձեր դիտարկումները եւ առհասարակ ի՞նչ կը մտածէք հայ-թրքական խնդրին ու շփումներուն մասին, որոնք, անշուշտ, գործընթացի դեռ սկիզբն են։

-Այո, Ուքրայնայի պատերազմը խիստ մեծցուցած է Թուրքիոյ դերը տարածաշրջանին մէջ։ Սա եւս գործօն մըն է, որ հնարաւոր չէ անտեսել։ Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութիւնը կարեւոր նախապայման է Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան տեսանկիւնէն։ Սա աներկբայ է, ինչպէս նաեւ այն փաստը, որ Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացները փոխկապակցուած են։ Մենք պէտք է գիտակցինք, որ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան հիմնական երաշխիքը հարեւան երկիրներու հետ բնականոն յարաբերութիւններու հաստատումն է։

-Յաճախ կը լսենք, որ նոր տարին կը դիմաւորենք ռազմական բախումներով։ Դուք ալ կը բաժնէ՞ք այդ կարծիքը՝ մանաւանդ գիտենք նաեւ, թէ դուք շատ լաւ կ՚ընկալէք, որ Հայաստան ռազմական խնդիրներ դիմակայելու բաւարար ներուժ չունի։ Ռազմական գործողութիւններու հաւանականութիւնը մե՞ծ է։

-Ցաւօք, հայկական դիւանագիտութեան կոպիտ սխալներուն հետեւանքով Մոսկուայի ու Պրիւքսելի բանակցութիւններու հարթակները յայտնուած են փակուղիի մէջ, ինչ որ կը մեծցնէ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման վտանգը։ Այո, նման մտավախութիւններ ունիմ։

-2023-ը ինչպիսի՞ տարի մը պիտի ըլլայ՝ դիտուած Հայաստանի ներքին քաղաքական պրիսմակէն։ Ունինք թոյլ իշխանութիւն եւ տարտղնած ընդդիմութիւն։ Ընդհանուր պատկերին մասին ի՞նչ կը մտածէք։

-Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը մեծապէս պայմանաւորուած է արտաքին գործօններով, անվտանգութեան վտանգներով։ Աւելի քան ակնյայտ է, որ Ազգային ժողովը պիտի չգործէ մինչեւ իր լիազօրութեան աւարտը։ Աւելի՛ն, արտաքին գործօններով պայմանաւորուած՝ ես կը կանխատեսեմ, որ 2023-ի երկրորդ կէսին հաւանական է քաղաքական ճգնաժամ, որ գուցէ 2024-ի սկիզբին հանգուցալուծուի նոր արտահերթ ընտրութիւնով մը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 3, 2023