Կիրակի 16, Մարտ 2025
ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Սուրիոյ ղեկավար Ահմէտ էլ Շարա նախընթաց օր տեսակցեցաւ երկրի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։ Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան շրջանին զուգադիպած հանդիպման հրաւիրուած էր նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան (լուսանկարին մէջ ձախ ծայրամասին)։ Բաց աստի, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Արք. Աշքարեանն ալ ներկայ էր հանդիպման։
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիա Սուրիոյ փոքրամասնութիւններուն ալ հովանաւորն է։
Ուրբաթ, Յունուար 3, 2025