ԱԼԱ. «ՃԻԶՐԷԻ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՎԵՐՋԱՆԱԼ ՔԱՆԻ ՄԸ ՕՐՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ»

Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էֆ­քեան Ա­լա յայ­տա­րա­րեց, որ անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րուն կող­մէ ձեռ­նար­կուած հա­կաա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը քա­նի մը օ­րուան ըն­թաց­քին պի­տի ա­ւար­տին Ճիզ­րէի մէջ։

ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան կեդ­րո­նա­տե­ղիէն ներս, Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի գլխա­ւո­րու­թեամբ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղով մը, ո­րու մաս­նակ­ցե­ցան երկ­րի ա­րե­ւե­լեան եւ հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան քա­ղաք­նե­րու ե­րես­փո­խան­նե­րը։ Այս ժո­ղո­վէն վերջ Էֆ­քեան Ա­լա պա­տաս­խա­նեց զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հար­ցում­նե­րուն։ Ըստ ի­րեն, Շըր­նա­քի Ճիզ­րէ գա­ւա­ռար­կէն ներս 99 տո­կո­սով վեր­ջա­ցած են աշ­խա­տանք­նե­րը՝ լա­րուած թա­կարդ­նե­րու չէ­զո­քաց­ման եւ փո­րուած խրա­մա­տե­րու փակ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Իսկ Տիար­պա­քը­րի կեդ­րո­նի Սուր գա­ւա­ռա­կէն ներս, նա­խա­րա­րին բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը տա­կա­ւին պի­տի շա­րու­նա­կուին։

Մինչ այդ, Վար­չա­պետ Տա­վու­տօղ­լու Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ հիւ­րըն­կա­լեց նաեւ ա­րե­ւե­լեան եւ հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան շրջան­նե­րէ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Այս առ­թիւ ան ընդգ­ծեց, որ Թուր­քիա պի­տի մաք­րա­գոր­ծուի ա­հա­բեկ­չու­թե­նէն։  

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2016