ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ ԵՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թիւ­նը (ՀԲԸՄ) 2016-ի տա­րե­մու­տին հա­մայն աշ­խար­հի հա­յու­թեան տե­ղե­կա­ցուց, թէ ո­րո­շած է ըն­դար­ձա­կել իր գոր­ծու­նէու­թեան ծի­րը ու նոր ե­րանգ­ներ ա­ւելց­նել ա­նոր վրայ։ Որ­պէս հայ ի­րա­կա­նու­թեան մե­ծա­գոյն բա­րենպա­տակ կա­ռոյ­ցը՝ ՀԲԸՄ-ի որ­դեգ­րած նոր նպա­տակ­նե­րուն շուրջ հան­րա­յին կար­ծի­քը կը լու­սա­բա­նուի լայ­նօ­րէն։ Այս կա­րե­ւոր ան­կիւ­նա­դար­ձի սե­մին աշ­խար­հի հա­յու­թեան ա­մե­նազ­դու դէմ­քե­րէն մին՝ ռու­սա­հայ գոր­ծա­րար ու բա­րե­րար Ռու­բէն Վար­դա­նեանն ալ ընտ­րուած է ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ։ Ստո­րեւ կը հրա­տա­րա­կենք հա­մա­պա­տաս­խան մամլոյ հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը։

*

Եր­կու տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րող սեր­տո­ղու­թեան, քննար­կում­նե­րու, վեր­լու­ծու­մի եւ պատ­րաս­տու­թեան եր­կար աշ­խա­տանք­նե­րէ ետք, քա­ջա­լե­րուած 2015-ի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն ա­ռի­թով աշ­խար­հի տա­րած­քին հա­յե­րու ցու­ցա­բե­րած ու­ժեղ զօ­րակ­ցու­թե­նէն, Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թիւ­նը այ­սու հան­րու­թեան կը ներ­կա­յա­նայ, մեկ­նար­կե­լու հա­մար իր ազ­գա­յին ա­ռա­քե­լու­թեան վե­րամ­շա­կուած եւ ըն­դար­ձա­կուած ծի­րը ներ­կա­յաց­նող յան­դուգն ծրա­գի­րը:

Իր հիմ­նադ­րու­թե­նէն աս­դին, հա­րիւր տա­րի­ներ շա­րու­նակ հա­մաշ­խար­հա­յին այս բա­րե­սի­րա­կան հայ­կա­կան մե­ծա­գոյն կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, պաշտ­պա­նած եւ պահ­պա­նած է հայ ինք­նու­թիւ­նը եւ ժա­ռան­գու­թիւ­նը սփիւռ­քի տա­րած­քին, տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն մը ըլ­լա­լով ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն եր­կիր­նե­րու մէջ: 1991-ին Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թե­նէն ետք, ՀԲԸՄ իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ըն­դար­ձա­կեց հայ­րե­նի­քի մէջ բա­րե­սի­րա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ու կրթա­կան հիմ­նա­րար ծրա­գիր­նե­րով:

ՀԲԸՄ­-ի այս նոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, որ կը նպա­տա­կադ­րէ բռնու­թեամբ կո­տո­րա­կուած ու սփիւռ­քի տա­րած­քին տարտղ­նուած հայ ազ­գի վե­րա­կազ­մու­մը, նոր դա­րաշր­ջան մը կը սկսի աշ­խար­հի տա­րած­քին հա­յու­թեան կազ­մա­կեր­պու­մին ուղ­ղու­թեամբ:

ՀԲԸՄ այս ծան­րակ­շիռ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը կը ստանձ­նէ, հիմ­նուած Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռ­քի մէջ իր ի­րա­կա­նա­ցու­ցած յա­ջող նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու փոր­ձա­ռու­թեան վրայ:

2015-ը նշա­նա­ւո­րուե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծադ­րուած Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեա­կով: Ամ­բողջ տա­րուան ըն­թաց­քին աշ­խար­հի տա­րած­քին ի­րա­կա­նա­ցուած լայ­նա­ծա­ւալ ձեռ­նարկ­նե­րով, հայ ժո­ղո­վուր­դը հպար­տօ­րէն եւ ար­ժա­նապ­տուու­թեամբ, շա­հած ըլ­լա­լով աշ­խար­հի հա­մակ­րան­քը եւ զօ­րակ­ցա­կան բա­րի տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը, իր ե­տին կը թո­ղու ցա­ւա­գին 100-ա­մեա­կը:

Հա­րիւր տա­րուան վե­րապ­րու­մի, գո­յա­պահ­պա­նու­մի, վե­րա­կանգ­նու­մի եւ բար­գա­ւա­ճու­մի ի խնդիր ո­գի ի բռին պայ­քա­րէ ետք, ո­րուն ըն­թաց­քին բազ­մա­թիւ կազ­մա­կե­րու­թիւն­նե­րու հե­րո­սա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ ան, հայ ժո­ղո­վուր­դը կը գտնուի պատ­մա­կան ան­կիւ­նա­դար­ձի մը առ­ջեւ: Որ­պէս վե­րա­կանգ­նած հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն, դար մը շա­րու­նակ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած իր ձեռք­բե­րում­նե­րուն գի­տա­կից՝ հա­յու­թիւ­նը յանձ­նա­ռու­թեամբ կը փա­րի 100-ա­մեա­կի նշա­նա­բա­նին՝ «Կը յի­շեմ եւ կը պա­հան­ջե­մ»: Միա­ժա­մա­նակ ան կը դի­մագ­րա­ւէ ազ­գո­վին ի­րա­պէս կեն­սու­նակ եւ բար­գա­ւաճ ըլ­լա­լու մար­տահ­րա­ւէ­րը: Մար­տահ­րա­ւէր՝ որ կ­­՚ընդգր­կէ նաեւ սրբա­դա­սուած մար­տի­րոս­նե­րու յի­շա­տա­կին եւ վե­րապ­րող­նե­րուն ըն­ձե­ռուած ազ­նիւ ա­ջակ­ցու­թիւն­նե­րուն ար­ժա­նի ե­րախ­տա­ւոր­նե­րը ըլ­լա­լու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը:

Որ­պէս հիմք ու­նե­նա­լով իր ազ­գա­յին փայ­լուն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ՀԲԸՄ ինք­նավս­տա­հու­թեամբ ա­ռաջ կ­­՚ըն­թա­նայ 21-րդ դա­րու յա­տուկ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն դէմ, որ­պէս­զի ա­պա­հո­վէ հայ ազ­գին հա­մար  կա­յուն ա­պա­գա­յի մը  հի­մե­րը, ո­րոնց կո­րի­զը կը կազ­մէ Հա­յաս­տա­նը:

Այս վիթ­խա­րի նպա­տա­կի ի­րա­գոր­ծու­մին հա­մար ՀԲԸՄ պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ ծրագ­րա­յին հե­տե­ւեալ քայ­լե­րը.

Վե­րաշ­խու­ժաց­նել հայ­կա­կան սփիւռ­քը՝ ա­նոր մէջ հրահ­րե­լով հայ ազ­գը վե­րա­կազ­մե­լու ձգտու­մը:

Ըն­դար­ձա­կել Միու­թեան ազ­գա­յին ա­ռա­քե­լու­թեան ծի­րը, իր ըն­կե­րա­յին-մշա­կու­թա­յին պատ­մա­կան նպա­տակ­նե­րուն ա­ռըն­թեր՝ ընդգր­կե­լով հայ­րե­նի­քի տնտե­սա­կան զար­գա­ցու­մը:

Ար­հես­տա­վարժ տար­րե­րով ա­ւե­լի եւս զօ­րաց­նել իր կազ­մա­կերպ­չա­կան կա­ռոյց­նե­րը եւ ա­նոնց աշ­խա­տու­նա­կու­թիւ­նը:

Ծա­ւա­լել շեշ­տուած աշ­խա­տանք, ա­պա­հո­վե­լու հա­մար նիւ­թա­կան խո­շոր ներդ­րում­ներ եւ հիմ­նադ­րամ­ներ, ինչ­պէս նաեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն նոյն ձգտում­նե­րով գոր­ծող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ՝ Միու­թեան մի­ջոց­նե­րը եւ կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը զօ­րաց­նե­լու եւ ըն­դար­ձա­կե­լու նպա­տա­կով:

Ըն­դար­ձա­կել եւ վե­րաշ­խու­ժաց­նել աշ­խար­հա­տա­րած մեր գոր­ծօն կա­մա­ւոր­նե­րու եւ հա­մա­կիր­նե­րու ցան­ցե­րը:

Նե­րու­ժի հա­մադ­րեալ ու­ժե­ղա­ցում ա­պա­հո­վել այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ՝ ա­րագ եւ ծա­ւա­լուն ձեռք­բե­րում­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար:

Իր այս նոր կողմ­նո­րո­շու­մով, ՀԲԸՄ կը վե­րա­կանգ­նէ 20-րդ դա­րու սե­մին իր հիմ­նա­դիր­նե­րու սկզբնա­կան ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը եւ տես­լա­կա­նը, որ պար­տադ­րա­բար փո­փո­խու­թեան են­թար­կուած էր Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­ճա­ռով:

Այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան ուղ­ղու­թեամբ իբր ա­ռա­ջին քայլ, ՀԲԸՄ հպար­տու­թեամբ կը յայ­տա­րա­րէ, թէ Ռու­բէն Վար­դա­նեան ընտ­րուած է Կեդ­րո­նա­կան վար­չա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ:

Ռու­բէն Վար­դա­նեան Հա­յաս­տան ծնած յա­ջող գոր­ծա­րար մըն է, որ հա­մաշ­խար­հա­յին համ­բաւ կը վա­յե­լէ որ­պէս Ռու­սաս­տա­նի տնտե­սա­կան մար­զի եւ զար­գա­ցող շու­կա­նե­րու փոր­ձա­գէտ ու մի­ջազ­գա­յին բա­րե­րար: Գոր­ծա­րա­րա­կան իր գլխա­ւոր ի­րա­գոր­ծում­նե­րէն է հռչա­կա­ւոր Troika Dialog ներդ­րու­մա­յին դրա­մա­տու­նը, զոր ինք կեր­տած էր 1991-էն 2012 տա­րի­նե­րուն, ա­պա զայն ծա­խե­լով Ռու­սաս­տա­նի մե­ծա­գոյն դրա­մա­տան՝ Sberbank-ին: 2001-ին Ռու­բէն Վար­դա­նեան հա­մա­հիմ­նա­դիր­նե­րէն էր «Հա­յաս­տան 2020» զար­գաց­ման հե­ռան­կա­րա­յին տես­լա­կա­նի մշակ­ման ծրագ­րին, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ՀԲԸՄ­-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ Դոկտ. Նու­պար Ա­ֆէ­յեա­նի: Ա­ւե­լի ետք, ի­րա­կա­նա­ցաւ «Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին մրցու­նա­կու­թեան հիմ­նար­կ­»ը 2007-ին, որ ան­հա­տա­կան-հան­րա­յին հա­մա­տեղ ըն­կե­րակ­ցու­թիւն մըն է: Ի վեր­ջոյ՝ նաեւ IDeA Initiatives for Development of Armenia - «Հա­յաս­տա­նի Զար­գաց­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու հիմ­նար­կ­»ը: 2013-ին հիմ­նուած այս հզօր կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը 300 ար­հես­տա­վարժ­ներ ընդգր­կող պաշ­տօ­նէու­թեամբ, կը գոր­ծէ Հա­յաս­տա­նէն դուրս եւ ըն­կե­րա­յին տնտե­սա­կան ծա­ւա­լուն ծրա­գիր­ներ կը յայտ­նա­բե­րէ, կը ծրագ­րէ ու կը գոր­ծադ­րէ Հա­յաս­տա­նի մէջ: Անց­նող տա­րի­նե­րուն, հիմ­նար­կը ա­ւե­լի քան 300 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի ներդ­րում կա­տա­րած է, ի­րա­կա­նաց­նե­լով շարք մը ակ­նա­ռու ծրա­գիր­ներ, ինչ­պէս՝ «Տա­թե­ւի վե­րած­նուն­դ» ծրա­գի­րը, Դի­լի­ջա­նի UWC-ի (United World Colleges) ան­դամ «Մի­ջազ­գա­յին գո­լէ­ճ­»ը եւ «Դի­լի­ջա­նի  քա­ղա­քա­յին վե­րա­նո­րոգ­ման ծրա­գի­ր­»ը:

2015-ին, հա­մա­հիմ­նա­դիր­ներ Դոկտ. Վար­դան Գրի­գո­րեա­նի (Carnegie Foundation) եւ Դոկտ. Ա­ֆէ­յեա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, Պրն. Վար­դա­նեան մեկ­նար­կեց 100 LIVES Հա­րիւր կեան­քեր ծրա­գի­րը, միա­ժա­մա­նակ հիմ­նե­լով նաեւ հա­մաշ­խար­հա­յին մար­դա­սի­րա­կան մրցա­նա­կը՝ Aurora Prize for Awakening Humanity: Այս մրցա­նա­կը, ո­րուն տու­չու­թիւ­նը ա­ռա­ջին ան­գամ պի­տի կա­տա­րուի Ե­րե­ւա­նի մէջ 2016-ի Ապ­րի­լին, 1 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար պի­տի նուի­րէ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­ցի­նե­րու եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք ի­րենց կեան­քե­րը վտան­գե­լով կը փրկեն ու­րիշ­ներ, ո­րոնք դժբախ­տու­թեան մատ­նուած են: Այս մրցա­նա­կը հիմ­նուած էր 2015-ին, որ­պէս վե­րապ­րած­նե­րու կող­մէ ե­րախ­տա­գի­տա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք հայ կեան­քեր փրկած էին: Մրցա­նա­կը կը մի­տի նաեւ աշ­խար­հի ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նաց­նել ներ­կա­յիս տի­րող մարդ­կա­յին ա­նար­դա­րու­թեան ե­րե­ւոյթ­նե­րու վրայ եւ ճա­նա­չու­մի ար­ժա­նաց­նել ար­դի մար­դա­սի­րա­կան քա­ջա­րի ա­րարք­ներ:

Այս առ­թիւ, ՀԲԸՄ­-ի Նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեան իր խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տեց ը­սե­լով. «Ես մեծ հա­ճոյ­քով եւ հպար­տու­թեամբ կ­­՚ող­ջու­նեմ Ռու­բէն Վար­դա­նեա­նը՝ որ­պէս Կեդ­րո­նա­կան վար­չա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ: Ու­րախ եմ, որ մեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն ի նպաստ յատ­կան­շա­կան քայլ մը կը հան­դի­սա­նայ ա­սի­կա: Ա­ւե­լի քան քսան տա­րի­ներ ճանչ­ցած ըլ­լա­լով Պրն. Վար­դա­նեա­նը, զինք կը նկա­տեմ յա­ջո­ղած հա­յու տի­պա­րը՝ իր բազ­մա­թիւ ի­րա­գոր­ծում­նե­րով, ան­հա­տա­կան ար­ժա­նիք­նե­րով եւ ան­խախտ ուղ­ղամ­տու­թեամբ: Իր գոր­ծով ան կը մարմ­նա­ւո­րէ հայ ազ­գի ա­պա­գա­յին նկատ­մամբ տե­սիլ­քի, նպա­տա­կա­սե­ւեռ կիր­քի եւ նուի­րու­մի հա­մադ­րու­թիւն մը: Որ­պէս ար­դի գոր­ծա­րար եւ բա­րե­րար, Ռու­բէն Վար­դա­նեան կը դրսե­ւո­րէ խան­դա­վա­ռող նե­րուժ եւ նո­րա­րար փայ­լուն յղացք­ներ IDeA-ի մի­ջո­ցաւ, ո­րուն գոր­ծա­կից է նաեւ ՀԲԸՄ­-ը: Ի Վեր­ջոյ, որ­պէս Ռու­սաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի, ան կեն­սա­կան կապ մը կը հան­դի­սա­նայ մե­զի հա­մար, Ռու­սաս­տա­նի եւ Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի մեր կա­րե­ւոր հա­մայնք­նե­րուն հետ: Հա­մո­զուած ենք, որ ան կա­րե­ւոր դեր պի­տի կա­տա­րէ մեր ազ­գա­յին ա­ռա­քե­լու­թեան նոր տես­լա­կա­նի ի­րա­գոր­ծու­մին ուղ­ղու­թեամբ: Ու­րա­խու­թեամբ կ­­՚ող­ջու­նենք իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը»։­

Այս առ­թիւ յայ­տա­րա­րուե­ցաւ նաեւ ՀԲԸՄ-ի եւ IDeA-ի մի­ջեւ սերտ գոր­ծակ­ցու­թիւն մշա­կե­լու տրա­մադ­րու­թիւ­նը՝  Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րա­գոր­ծուող ծրա­գիր­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ: Առ այդ, Պերճ Սեդ­րա­կեան եւ Վազ­գէն Եա­գու­պեան IDeA-ի հո­գա­բար­ձա­կան կազ­մի ան­դամ ընտ­րուե­ցան, միա­նա­լով նոյն մարմ­նին մաս կազ­մող միու­թեան Կեդ­րո­նա­կան վար­չա­կան կազ­մի ան­դամ­նե­րէն Նու­պար Ա­ֆէ­յեա­նին:

Իր կար­գին, IDeA-ի հիմ­նա­դիր Ռու­բէն Վար­դա­նեան ը­սաւ. «Ին­ծի հա­մար պա­տիւ եւ ա­ռանձ­նաշ­նոր­հում կը նկա­տեմ ՀԲԸՄ­-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չա­կան ժո­ղո­վի ան­դա­մակ­ցու­թիւնս: Այս կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը անց­նող հա­րիւր տա­րի­նե­րուն, հայ ազ­գի գո­յա­պահ­պա­նու­մին ա­մե­նա­յատ­կան­շա­կան մղիչ­նե­րէն մին հան­դի­սա­ցած է,  հե­տե­ւո­ղա­կան եւ  ազ­նիւ գոր­ծու­նէու­թեամբ, զորս ծա­ւա­լած է ան աշ­խար­հի տա­րած­քին իր բազ­մա­թիւ հա­մայնք­նե­րուն մի­ջո­ցաւ: ՀԲԸՄ­-ը լա­ւա­գոյնս դիր­քա­ւո­րուած է ըլ­լա­լու հա­մար հայ­րե­նի­քի բար­գա­ւաճ­ման գլխա­ւոր լծակ­նե­րէն մին,  ինչ­պէս նաեւ  ուղ­ղու­թիւն տա­լու 21-րդ դա­րու հայ տի­պա­րի կեր­տու­մին: Ես խո­րա­պէս յանձ­նա­ռու եմ իմ ճի­գերս, փոր­ձա­գի­տու­թիւնս,  բա­րե­սի­րա­կան կա­րե­լիու­թիւն­ներս եւ կշիռս ի գործ դնե­լու ի նպաստ այս ազ­նիւ կազ­մա­կեր­պու­թեան աշ­խա­տան­քին: Խան­դա­վառ եմ նաեւ ՀԲԸՄ­-ի եւ IDEA-ի մի­ջեւ զար­գա­ցող հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ եւ մեր ծրագ­րա­յին կողմ­նո­րո­շու­մով, որ կը մի­տի հզօր ուժ յա­ռա­ջաց­նել աշ­խար­հի տա­րած­քին հայ ժո­ղո­վուր­դի յա­ռաջ­դի­մու­թեան հա­մար»։­

Այս յայ­տա­րա­րու­թեան ա­ռի­թով, Կեդ­րո­նա­կան վար­չա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ Նու­պար Ա­ֆէ­յեան յա­ւե­լեալ լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ կա­տա­րեց: Ան ը­սաւ. «Եր­կու տա­րի ա­ռաջ ան­դա­մակ­ցե­լով ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չա­կան ժո­ղո­վին, հա­ճոյ­քը ու­նե­ցած եմ մօ­տէն աշ­խա­տակ­ցե­լու Նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեա­նի եւ բազ­մա­թիւ այլ ան­դամ­նե­րու հետ, ՀԲԸՄ­-ի ա­պա­գա­յի ուղ­ղուած տես­լա­կա­նի ծի­րը լայնց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ: Սեր­տօ­րէն գոր­ծակ­ցած ենք նաեւ Ռու­բէ­նին եւ IDeA հիմ­նար­կին հետ, մշա­կե­լու հա­մար այն ու­ղե­գի­ծը, զոր պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ ՀԲԸՄ­-ի նոր գոր­ծըն­թա­ցի ծրա­գի­րը: Այդ մի­ջո­ցին, մենք գոր­ծակ­ցա­կան ար­դիւ­նա­ւէտ կա­պեր հաս­տա­տե­ցինք նաեւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ճար­տա­րա­գի­տու­թեան ԹՈՒ­ՄՕ հիմ­նա­րար կեդ­րոն­նե­րու հիմ­նա­դիր եւ ՀԲԸՄ-ի Վար­չա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ Սէմ Սի­մո­նեա­նի հետ: Այժմ երբ իմ եր­կար տա­րի­նե­րու գոր­ծա­կից Ռու­բէն Վար­դա­նեան կը միա­նայ ՀԲԸՄ­-ի Վար­չա­կան ժո­ղո­վի կազ­մին,  բո­լորս խան­դա­վառ ենք անց­նե­լու կազ­մա­կերպ­չա­կան փո­խա­կեր­պու­մի մեր ծրագ­րի յա­ջորդ  հանգ­րուա­նին:  Խթա­նուած 100-ա­մեա­կի ըն­թաց­քին հա­յու­թեան ցու­ցա­բե­րած նե­րու­ժով, մենք գի­տակ­ցու­թեամբ կը դի­մագ­րա­ւենք մեր դի­մաց ե­ղող մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը եւ պա­տե­հու­թիւն­նե­րը»։

«Ա­սի­կա ծա­ւա­լուն գոր­ծակ­ցու­թիւն­նե­րու եւ յա­ռա­ջըն­թա­ցի խան­դա­վառ նոր հանգ­րուան մը կը հան­դի­սա­նայ ՀԲԸՄ-ի հա­նա­ր»,  հաս­տա­տեց Միու­թեան փոխ-Նա­խա­գահ Սէմ Սի­մո­նեան ու ը­սաւ. «Ես յատ­կա­պէս խան­դա­վառ եմ ԹՈՒ­ՄՕ կեդ­րոն­նե­րու, Դի­լի­ջա­նի Մի­ջազ­գա­յին գո­լէ­ճի եւ Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի ըն­ձե­ռած կա­րե­լիու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք նոր մղում կ­­՚ա­պա­հո­վեն ՀԲԸՄ­-ի կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րուն»։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2016