ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջերս այցելեց Երեւանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարան եւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահ։
Թանգարանին մէջ Սերժ Սարգսեան դիտեց «Միջին Արեւելքի արուեստ. Մարկոս եւ Սապրինա Գրիգորեաններու հաւաքածոյ» խորագրեալ ցուցահանդէսը։ 2500 բնօրինակ ցուցանմոյշներ կ՚ընդգրկէ այս հարուստ հաւաքածոն, որու ցուցադրութեան համար Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին կողմէ ժամանակին յատկացուած տարածքը հիմնանորոգուած եւ նոր մշտական ցուցադրութեամբ ներկայացուած է՝ Հայաստանի պետական պիւտճէէն յատկացուած միջոցներով։ Սերժ Սարգսեան ծանօթացաւ ցուցասրահներէն ներս ներկայացուած աշխատանքներուն եւ այդ բոլորի պատշաճ ներկայացման համար ստեղծուած պայմաններուն։
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս Սերժ Սարգսեան այցելեց «Եղիշէ Թադէոսեան. Ռեթրոսփեքթիֆ. Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի եւ Վահագն Գրիգորեանի հաւաքածոներ» խորագրեալ ցուցահանդէսը՝ նուիրուած մեծանուն նկարչի ծննդեան 145-ամեակին։ Պատկերասրահին մէջ Սերժ Սարգսեան դիտեց նաեւ աշխարհահռչակ հայ նկարիչներ Փանոս Թէրլէմէզեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած յոբելենական ցուցահանդէսը եւ Սեդրակ Առաքելեանի «Հայրենի բնաշխարհի ու գիւղական կեանքի քնարերգու» խորագրով ցուցահանդէսը։
Այս երկու հանգրուաններուն ալ Սերժ Սարգսեանի կողքին էր Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան։