«ԻՐԱՆ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ՈՒԺԻ ԿԻՐԱՌՈՒՄԸ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ»
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան աւարտելով իր պաշտօնական ուղեւորութիւնը դէպի Թեհրան՝ վերադարձաւ Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ուղեւորութեան վերջին փուլին Վիգէն Սարգսեան հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Այէթուլլահ Խամանէյի արտաքին քաղաքական հարցերով խորհրդականին՝ Ալի Էքպէր Վելայէթիի հետ։ Այս առթիւ զրուցակիցները բարձր գնահատեցին դարաւոր պատմութեան հայ-իրանական բարեկամութիւնը, ինչ որ նախադրեալն է յարաբերութիւններու շարունակական խորացման համար։ Վելայէթիի խօսքերով, Իրան ու Հայաստան արդէն արդիւնաւէտ համագործակցութիւն կը ծաւալեն տնտեսութեան շարք մը ճիւղերուն մէջ։ Երկկողմանի յարաբերութիւններուն առընթեր, զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան տարածքաշրջանային օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։ Վիգէն Սարգսեան եւ Ալի Էքպէր Վելայէթի համակարծիք են, որ լարուածութեան նոր օճախներու ձեւաւորումը լրջօրէն պիտի վնասէ տարածքաշրջանային անվտանգութեան։ Ուստի, անհրաժեշտ է ջանքերը համադրել՝ ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան տարածումը կանխելու համար։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Կողմերը մատնանշեցին, որ հարցը չունի ռազմական լուծում եւ կարգաւորման կարելի է հասնիլ բացառապէս խաղաղ ճանապարհով։
Վիգէն Սարգսեան Թեհրանի մէջ գործադիր իշխանութեան առընթեր, օրէնսդիր իշխանութեան յառաջատար դէմքերուն հետ ալ ունեցաւ հանդիպումներ։ Այս շրջագծով ան հիւրընկալուեցաւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի կողմէ։ Լարիճանի յայտնեց, որ տարածքաշրջանէ ներս նոր ճգնաժամերը պիտի չապահովեն փայլուն ապագայ մը։ Բախումները նպաստաւոր չեն որեւէ երկրի շահերուն տեսակէտէ։ Ըստ իրեն, տարածքաշրջանէ ներս անվտանգութեան ապահովուիլը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն եւ բոլոր իրաւասուները այս ուղղութեամբ պէտք է վարուին բանիմաց։
Վիգէն Սարգսեանը հիւրընկալելու ժամանակ Իրանի Պաշտպանութեան նախարար Հիւսէյին Տեհքան ալ յայտնած է, որ Թեհրան ուժի կիրառումը անընդունելի կը համարէ տարածքաշրջանային խնդիրներու լուծման համար եւ ջանք չի խնայեր՝ անոնց կարգաւորման ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, իր երկիրը բարիդրացիական յարաբերութիւնները կը կարեւորէ տարածքաշրջանէն ներս։ «Ահաբեկչութեան դէմ կայուն ու տեւական պայքարը, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանէ ներս վտանգներու եւ անկայունութիւններու տեղի տուող տարրերու դէմ արշաւը Իրանի հիմնարար քաղաքականութիւններուն շարքին է», ըսած էր ան։