«ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ Է ԻՄ ՏՈՒՆԸ»

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ վեր­ջին շրջան­նե­րուն Հա­յաս­տան հաս­տա­տուած հայ­րե­նա­դարձ­նե­րու հետ յատ­կան­շա­կան հան­դի­պում մը։ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հան­դի­պու­մը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան բազ­մա­թիւ հայ­րե­նա­դարձ­ներ։

Ող­ջու­նե­լով ներ­կա­նե­րը՝ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ը­սաւ. «Դահ­լի­ճին մէջ ներ­կայ են Հա­յաս­տա­նի մէջ հաս­տա­տուած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րէն։ Հայ­րե­նի­քի մէջ ապ­րե­լու ո­րո­շու­մով դուք աշ­խար­հին ու Հա­յաս­տա­նին ցոյց տուած էք ձեր մարդ­կա­յին բնու­թա­գի­րը։ Եւ մեր այս հա­ւա­քը կու գայ փաս­տել, որ Հա­յաս­տան նաեւ կը վե­րա­դառ­նան։ Մեր երկ­րին մէջ մենք պար­տա­ւոր ենք պահ­պա­նել լա­ւը, իսկ վա­ղը՝ շտկել՝ մշտա­պէս յա­ռաջ մղե­լով «Հա­յաս­տանն է իմ տու­նը» կար­գա­խօ­սը։ Հա­յաս­տա­նի մէջ վեր­ջին չորս-հինգ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին հաս­տա­տուե­ցան նաեւ հա­զա­րա­ւոր սու­րիա­հա­յեր եւ ես ու­րախ եմ, որ ի­րենց հետ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը բե­րին ապ­րե­լու, ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու նոր մշա­կոյթ, նոր մօ­տե­ցում­ներ»։

Նա­խա­րա­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ընդգ­ծեց, որ քիչ չեն նաեւ այն հա­յոր­դի­նե­րը, ո­րոնք կեան­քի բե­րու­մով կը գտնուին տե­ւա­կան շարժ­ման մէջ, բայց ի­րենց մեծ ներդ­րու­մը կը բե­րեն հայ­րե­նի­քի զար­գաց­ման գոր­ծին։ «Գըրք Գրի­գո­րեա­նի, Է­տուար­տօ Էր­նէ­քեա­նի, Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեա­նի, Ռու­բէն Վար­դա­նեա­նի, Վա­չէ Մա­նու­կեա­նի, Սեմ Սի­մո­նեա­նի, Ճե­րալտ Գա­ֆէս­ճեա­նի, Վա­հագն Յով­նա­նեա­նի, Սէր­կէյ Համ­բար­ձու­մեա­նի, Լե­ւոն Հայ­րա­պե­տեա­նի, Սէր­կէյ եւ Նի­քո­լա Սար­գի­սով եղ­բայր­նե­րու, Ռաֆ­ֆի Մե­գե­րեա­նի եւ միւս­նե­րու ա­նուն­նե­րը, ա­նոնց կա­տա­րած գոր­ծե­րը յայտ­նի են բո­լո­րիս։ Այ­սօր ալ բո­լո­րիս յայտ­նի Գաբ­րիէլ Չեմ­պեր­ճեան ա­մէ­նու­րեք կը փոր­ձէ ա­ջակ­ցիլ բա­զում խնդիր­նե­րու լուծ­ման», ա­ւել­ցուց Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։

Ձեռ­նար­կի տե­ւո­ղու­թեան լու­սան­կար­նե­րով ներ­կա­յա­ցուե­ցան պատ­մու­թիւն­նե­րը աշ­խար­հի այն նշա­նա­ւոր հա­յե­րուն, ո­րոնց ներդ­րում­նե­րը ան­կա­խու­թեան տա­րի­նե­րուն էա­կան դեր խա­ղա­ցած են Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան զար­գաց­ման գոր­ծին մէջ։ Ներ­կա­նե­րը դի­տե­ցին հայ­րե­նա­դարձ­նե­րու մա­սին տե­սա­նիւ­թեր։

Ի­րա­քէն վե­րա­դար­ձած երկ­րա­բան-ոս­կե­րիչ Վա­րանդ Պետ­րո­սեան նշեց, որ ինք վե­րա­դար­ձած է իր ե­րա­զած եր­կի­րը։ Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի կա­պե­րու մեր­ձեց­ման, հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան խթան­ման ծրագ­րե­րու կեան­քի կոչ­ման հա­մար։ Սու­րիա­հայ հայ­րե­նա­դարձ եր­գիչ վաս­տա­կա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ Ար­սէն Գրի­գո­րեան ա­ռանձ­նա­յա­տուկ հպար­տու­թեամբ շեշ­տեց, որ այս տա­րի կը լրա­նայ իր՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ հաս­տատ­ման ե­րե­սուն տա­րին։ «Մենք մեր կամ­քով չէ, որ ծնած ենք օ­տար հո­ղի վրայ, բայց մեր կամ­քով կրնանք հայ­րե­նա­դարձ ըլ­լալ», ը­սաւ ան։ Ի­րա­նէն վե­րա­դար­ձած Տիա­նա Յով­սէ­փեանն ալ իր իսկ օ­րի­նա­կով հա­ւաս­տիա­ցուց, թէ իւ­րա­քան­չիւր հայ պէտք է եր­թայ Հա­յաս­տան ու այն­տեղ ո­րո­շէ՝ թէ ինչ պէտք է ը­նէ հայ­րե­նի­քի հա­մար։

Հո­լան­տա­յէն գոր­ծա­րար Քրիս­տիան Կե­լի­ճի, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­ւե­լի քան 1200 աշ­խա­տա­տե­ղի­ներ ստեղ­ծած է, ը­սաւ. «Ես ու­րախ եմ, որ իմ ե­րա­խա­նե­րը ծնած են այս սուրբ հո­ղին վրայ։ Մենք օ­տա­րու­թեան մէջ ապ­րած ենք հայ­րե­նի­քը տես­նե­լու կա­րօ­տով, ուս­տի իմ զա­ւակ­նե­րուն տուած եմ այն ինչ, որ­մէ ես ե­ղած եմ զրկուած»։­

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն գոր­ծա­րար Ստե­փան Սարգ­սեան յայտ­նեց, որ դուր­սը ապ­րող հա­յե­րը պար­տա­ւոր են ի­րենց ձեռք բե­րած փոր­ձա­ռու­թիւնն ու գի­տե­լիք­նե­րը ծա­ռա­յեց­նել Հա­յաս­տա­նը շէ­նաց­նե­լու գոր­ծին։ Քուէյ­թէն բա­նա­սէր Ֆրի­տա Գը­զը­լեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ իր ըն­տա­նի­քի հաս­տատ­ման ուղ­ղու­թեամբ ցու­ցա­բե­րած ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար։

Սու­րիա­յէն սրտա­բան Ճորճ Բար­սե­ղեան նոյն­պէս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան։ Ան կա­րե­ւո­րեց, որ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի սկիզ­բէն ի վեր նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը կանգ­նի սու­րիա­հա­յոց կող­քին ու կը ջա­նայ ա­ջակ­ցիլ։ «Մենք մշտա­պէս զգա­ցած ենք Տի­կին Յա­կո­բեա­նի հո­գա­տա­րու­թիւ­նը եւ ան­պայ­ման կ՚ու­զեմ շեշ­տել, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ապ­րի­լը զո­հա­բե­րու­թիւն չէ, այլ մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին պարտքն է», ը­սաւ ան։

Լիւ­սի-Վա­նայ Կա­րա­պե­տեան աս­մուն­քեց Հա­մօ Սա­հեա­նի «Հա­յաս­տան ա­սե­լիս» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը եւ ը­սաւ. «Հա­յաս­տա­նը իմ ուժն է, իմ ե­րա­զան­քը, որ ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձաւ այս­տեղ հաս­տա­տուե­լով»։

­Հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ էր նաեւ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րէն Կի­րօ Մա­նո­յեան, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Գա­նա­տա­յէն հայ­րե­նա­դարձ մըն է։ Ան եւս ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ապ­րի­լը զո­հո­ղու­թիւն չէ։ «Հա­յաս­տան միակ վայրն է, ուր ինք­զինքս տէր կը զգամ», ը­սաւ Կի­րօ Մա­նո­յեան։

Ի­րա­քա­հայ գրող ու պատ­մա­բան Սե­դա Օ­հա­նեան ընդգ­ծեց, որ հպար­տու­թեամբ կը կրէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան անձ­նա­գի­րը։ Ան Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նին նուի­րեց Ի­րա­քի հայ հա­մայն­քի մա­սին իր աշ­խա­տու­թիւ­նը։

Այ­նու­հե­տեւ ե­լոյթ ու­նե­ցաւ Սու­րիա­յէն հայ­րե­նա­դարձ՝ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան աշ­խա­տա­կից Նա­յի­րի Մու­րա­տեան, որ ա­ռա­ջարկ ներ­կա­յա­ցուց, որ­պէս­զի ստեղ­ծուի հայ­րե­նա­դարձ­նե­րու խոր­հուրդ մը։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին սկիզբ տրուե­ցաւ նաեւ «Հա­յաս­տանն է իմ տու­նը» շարժ­ման։

Հա­ւա­քոյ­թը ու­նէր նաեւ գե­ղա­րուես­տա­կան բա­ժին, ո­րու ըն­թաց­քին կա­տա­րում­նե­րով հան­դէս ե­կան հայ­րե­նա­դարձ ե­րա­ժիշտ­ներ Ար­սէն Գրի­գո­րեան, Գէորգ Հա­ճեան, Ճորճ Վա­նէ­սեան, Դա­ւիթ եւ Շա­հէ Իս­պի­րեան­ներ, ինչ­պէս նաեւ Ա­րա­րա­տեան Հայ­րա­պե­տա­կան Թե­մի «Ծաղ­կա­զարդ» հա­մոյ­թը։

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2017