ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՄԷՋ Գրքի Շնորհահանդէս
Գալիֆորնիոյ, Միացեալ Նահանգներ, «Ապրիլ» գրախանութին մէջ տեղի ունեցաւ բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեանի նոր բանաստեղծական ժողովածոյին՝ «Օրաւուր» գիրքին շնորհահանդէսը:
Բացման խօսքը արտասանեց Առնօ Երէցեան, որ անդրադարձաւ գիրքին եւ հեղինակին կենսագրութեան: Ան նկատել տուաւ, որ «Օրաւուր» գիրքը Դաւթեանի հեղինակած եօթներորդ գիրքն է: Երէցեան յայտնեց, որ հեղինակը, շնորհիւ իր գրականութեան, մշակութային եւ ազգային-հասարակական ծառայութիւններուն, արժանացած է գնահատագրերու եւ շքանշաններու:
Այնուհետեւ արձակագիր Պօղոս Քիւփելեան կատարեց գիրքին ներկայացումը: Ան գնահատեց Դաւթեանին գրականութիւնը՝ հաստատելով, որ անոր գլխաւոր թեման գլխագիր Սէրն է՝ իր համամարդկային եւ տիեզերական իմաստով:
Արձակագիր Ռ. Կորիւն շնորհաւորելով գիրքին ծնունդը՝ նկատել տուաւ, որ Գրիշ Դաւթեան սիրերգակ է՝ սիրային խոր, զգացումով լեցուն բանաստեղծութիւններով, հայրենաերգակ է՝ հայրենասիրական գրութիւններով, մարդերգակ է՝ մարդկային արժէքները բարձր դասող քերթուածներով:
Իրանահայ միութեան «Տեղեկատու» ամսագրի խմբագիր, բանաստեղծ, երգիծագիր Ներսէս Տէր-Մեսրոպեան, որ պատմեց յուշեր իրենց ժամանակի Իրանահայ գրողներու միութեան մասին, որուն անդամ էին ինք եւ Դաւթեան:
Արձակագիր Կիմա Կիրակոսեան շնորհաւորեց հեղինակին նոր գիրքը եւ կատարեց կարգ մը ընթերցումներ:
Այնուհետեւ շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ գիրքին հեղինակը, որ կենսագրական հետաքրքրական յուշեր պատմեց, նաեւ գիրքէն ընթերցումներ կատարեց: