ԳԵՐԵՎԱՐՈՒԱԾ ԱԶԷՐԻ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ ՄԱՅՐԸ ՀԵՐՔԵՑ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐԸ

Մինչ Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը կը մնայ առ­կայ, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծին վրայ գե­րե­վա­րուած ա­զէ­րի զի­նուոր Էլ­նուր Հիւ­սէ­յին­զա­տէի հար­ցը կը մնայ ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Թա­լի­շի մէջ նա­խըն­թաց օր Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը կա­տա­րած էին ներ­թա­փանց­ման փորձ մը, ո­րու ձա­խող­ման զու­գա­հեռ գե­րի ին­կած էր Էլ­նուր Հիւ­սէ­յին­զա­տէ։ Ստե­փա­նա­կեր­տի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, որ ան կը գտնուի լրիւ անվ­տան­գու­թեան մէջ։

Ատր­պէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րու­թիւն մը տա­րա­ծե­լով փոր­ձած էր հրա­ժա­րիլ Էլ­նուր Հիւ­սէ­յին­զա­տէէն՝ պնդե­լով, որ ան հե­ռա­ցուած է Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու շար­քե­րէն։ Ե­րէկ, Էլ­նուր Հիւ­սէ­յին­զա­տէի մայ­րը հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց շնոր­հիւ բա­ցա­յայ­տուե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թեան սուտ ըլ­լա­լը։ Էլ­նուր Հիւ­սէ­յին­զա­տէի մայ­րը հեր­քեց Ատր­պէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, ըստ ո­րու գե­րե­վա­րուա­ծը բա­նա­կի զի­նուոր չէ։ Հա­մա­ցան­ցի վրայ այդ յայ­տա­րա­րու­թեան տե­սա­նիւթն ալ դրուած է շրջա­գա­յու­թեան մէջ։ Այդ տե­սա­նիւ­թին մէջ մայ­րը յայտ­նած է, որ գե­րե­վա­րուած Էլ­նուր Հիւ­սէ­յին­զա­տէ ռազ­մա­կան ծա­ռա­յու­թեան ա­ւար­տէն չորս ա­միս վերջ վե­րա­դար­ձած է բա­նակ՝ պայ­մա­նագ­րա­յին զի­նուո­րի կար­գա­վի­ճա­կով։

Վեր­ջին ան­գամ Էլ­նուր Հիւ­սէ­յին­զա­տէ տուն այ­ցե­լած է՝ դէ­պի Թա­լիշ ներ­թա­փանց­ման փոր­ձի նա­խօ­րէի ե­րե­կո­յեան։ 

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2017