ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻՆ
Մոսկուայի «Չայքովսքի» պետական երաժշտանոցը վերջերս նուէր ստացաւ աշխարհահռչակ յօրինող Արամ Խաչատուրեանի կիսանդրին։ Կը հաղորդուի, որ այդ քանդակը պիտի տեղադրուի երաժշտանոցի մեծ դահլիճի մուտքասրահին մէջ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, կիսանդրիի հեղինակն է Հայաստանի վաստակաւոր նկարիչ ու քանդակագործ Միքայէլ Սողոյեան, որ միեւնոյն ժամանակ կ՚անդամակցի Մոսկուայի Նկարիչներու միութեան։ Նուիրատուութիւնը կատարած է Արմէն Սադգեան։
«Մեր նշանաւոր երգահանները, խմբավարները, կատարողները կը մարմնաւորեն արդէն զանազան երկիրներու համատեղ պատմութիւնը, սակայն, այնուամենայնիւ, կը մնան այնպիսի համագործակցութեան մը օրինակը, զոր մեզ պէտք է միաւորէ հիմա՝ ներկայիս եւ ապագային», կիսանդրիի բացման արարողութեան ժամանակ նշեց Ռուսաստանի Մշակոյթի փոխ-նախարար Ալեքսանտր Ժուրավսքի։ Միեւնոյն ժամանակ ան յայտնեց, որ հայ եւ ռուս ժողովուրդներու խորհրդանշական միասնութեան մասին կը վկայէ այն փաստը, թէ Խաչատուրեանի կիսանդրի մը պիտի բացուի նաեւ Երեւանի մէջ։
Քանդակագործ Միքայէլ Սողոյեանի խօսքերով, կիսանդրիի ստեղծման գաղափարի ներշնչողը եղած է դաշնակահար Տենիս Մացուեւ, որ եւս ներկայ էր բացման արարողութեան։
Արամ Խաչատուրեան (1903-1978), որ 20-րդ դարու մեծագոյն յօրինողներու շարքին կը դասուի, եղած էր Մոսկուայի Պետական երաժշտանոցէն ներս դասախօս։