«ՄԵՔՍԻԿԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՇԱԲԱԹ»Ը

Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի մօտ Մեքսիկայի եւ Հայաստանի հիւպատոսարաններուն, Փետրուար 2-9  թուականներուն միջեւ տեղի կ՚ունենան շարք մը ձեռնարկներ, շրջանի հայ եւ մեքսիկացի համայնքներուն միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու նպատակով։

Ըստ «Ասպարէզ»ի, «Մեքսիկա-Հայկական մշակութային շաբաթ» խորագրեալ սոյն նախաձեռնութեան պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ երէկ առաւօտեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան մասնակցութեամբ, Վեն Նայսի քաղաքապետարանին մէջ։

Փետրուար 6-ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ տեղի կ՚ունենայ մեքսիկական «Աշակերտը» շարժապատկերին ներկայացումը, իսկ Փետրուարի 8-ին՝ գեղարուեստական ներկայացում մը «Կրենթ» երկրորդական վարժարանի աշակերտներուն համար։

Փետրուար 8-ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի մօտ Մեքսիկայի հիւպատոսարանին մէջ տեղի կ՚ունենայ «Հայաստան. վաղեմի եւ յաւիտենական» լուսանկարչական ցուցահանդէսը, ինչպէս նաեւ՝ «Խոստումը» ֆիլմի ներկայացումը։

Փետրուար 9-ին, գեղարուեստական ներկայացում մը կը կայանայ «Մետիսըն» միջնակարգ վարժարանի աշակերտներուն համար։

Միւս կողմէ, վարժարաններուն մէջ կայանալիք ձեռնարկները հանրութեան համար չեն։

«Մեքսիկա-Հայկական մշակութային շաբաթ»ը պիտի փակուի Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսարանին մէջ կայանալիք ընդունելութեամբ մը, որուն մասնակցութիւնը հրաւիրագրով է։

Շաբաթ, Փետրուար 3, 2018