«ՅԱԿՈԲ ՄՆՁՈՒՐԻ ԳՐՈՂԻ ՈՒՐՈՅՆ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ»

Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ նախընթաց օր, «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 137-րդ լսարանը, որուն ընթացքին գրականագէտ եւ արուեստաբան Փրոֆ. Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան ներկայացուց «Յակոբ Մնձուրի գրողի ուրոյն հայրենասիրութիւնը» նիւթով դասախօսութիւնը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սիլվի Աբէլեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ապա ըսաւ, որ Յակոբ Մնձուրի  20-րդ դարու հայ արձակի ինքնատիպ դէմքերէն մէկն է: Ծնած է Կարնոյ  նահանգի Արմտան գիւղը: Անոր գրական ժառանգութեան ուղղուածութիւնը Արմտանն ու շրջակայ գիւղերու հայերու կեանքի նկարագրութիւնն է: Յակոբ Մնձուրիի պատմուածքներուն մէջ, որոնք ունին ազգագրական անգնահատելի արժէք, կարելի է գտնել գաւառի հարազատ մթնոլորտը՝ իր առօրեայով եւ խաղաղ աշխատանքի տեսարաններով: Պատմուածքներուն մէջ ներկայ են հայը, քիւրտը եւ այլ ցեղի պատկանող աշխատաւորներ, որոնք բոլորն ալ ունին հասարակաց գիծ մը՝ տքնաջան աշխատանքի, խոր վիշտերու եւ արդար ուրախութիւններու նոյն ապրումը: Խօսքի աւարտին ան հրաւիրեց դասախօսը՝ իր նիւթը ներկայացնելու:

Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան ըսաւ, որ Մնձուրին պարզ գիւղագիր չէ, ան արժանի է դրուելու մեր արձակի մեծ վարպետներու կողքին: Ան պահած է ամբողջ աշխարհի մը դիմագիծը, բանաստեղծական-գեղարուեստական դիմագիծը. հրաշալի կերպարներ տուած է կիներուն, մեծերուն, երեխաներուն, գիւղի ամենէն տարբեր բնոյթի մարդոց, որոնց մասին խօսած է հիւմուրով, բացառիկ սիրով, հեգնանքով. գիւղի բոլոր հոգերը կան անոր գրութիւններուն մէջ: Մնձուրիի գործերով ազգագրական ճշգրտութեամբ կարելի է վերականգնել ամբողջ աշխարհ մը, ոչ թէ լուսանկարչական անհոգի պատկերը, այլ գեղարուեստական իմաստաւոր դիմագիծը:

Մնձուրին Յովհաննէս Թումանեանի եւ Ուիլիըմ Սարոյեանի նման է. ան կը սիրէ բոլոր կենդանիները, բոլոր արարածները. իր աշխարհին մէջ կարծես ստուերներ չկան, արարիչը ինք ամէն ինչ ստեղծած է մարդու համար: Մարդու եւ բնութեան, երկրի եւ մարդու ներդաշնակութիւն կայ անոր գործերուն մէջ:

Փրոֆ. Տէր-Խաչատուրեան ըսաւ, որ հայ գիւղի կերպարները մեր գրականութեան մէջ այդքան ալ ընդգծուած չեն. արեւմտահայ գրականութեան մէջ լաւագոյն հեղինակը թերեւս Թլկատինցին է, բայց ոեւէ մէկը չի կրնար համեմատուիլ Յակոբ Մնձուրիին հետ, որուն գրականութիւնը մեր ժողովուրդի հոգիի գեղեցկութեան արտայայտութիւնն է: Մնձուրիի խօսքին մէջ թէ՛ քնարականութիւն կայ, թէ՛ հերոսականութիւն: Մնձուրին ամբողջ աշխարհ մը փրկեց ստոյգ կործանումէ: Անիկա ֆիզիքապէս գոյութիւն չունի, բայց կը շարունակէ ապրիլ Մնձուրիի գրականութեան մէջ: Մնձուրին մեզի ճանչցուց ամբողջ աշխարհ մը, եւ մենք սիրեցինք այդ աշխարհը. այդ մեր երկիրն է, այդ մեր ժողովուրդն է իր հոգեկան բացառիկ գեղեցկութեամբ: Պատմուածքներէն ամէն մէկը կը բացայայտէ մեր ժողովուրդի բնաւորութեան էութեան որեւէ կողմ, որեւէ գիծ, որեւէ երանգ, եւ բոլորը միասին կը ստեղծեն բացառիկ համապատկեր: Անոր պատմուածքներու աշխարհը կը դառնայ ամբողջ երկրի մը գեղարուեստական հանրագիտարանը: Անոր ըրածը բացառիկ երեւոյթ է, ստեղծածը՝ բացառիկ գրականութիւն:

Փրոֆ. Տէր-Խաչատուրեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Մնձուրին կրցած է ստիպել իր բոլոր ընթերցողներուն սիրելու իր հայրենիքը: Մնձուրիին հայրենիքը չի մնար իր գիւղի եւ իր գաւառի տարածութեան մէջ: Երբ կը կարդանք ամէն մէկս, մեր մէջ կ՚արթննայ մեր փոքրիկ հայրենիքը, մեր ծննդավայրը: Մնձուրին մեզի հայրենասիրութեան մեծ դաս կու տայ: Մնձուրիի գրականութիւնը հայ մարդու հոգեկան գեղեցկութիւնը պատկերող գրականութիւն է, եւ այդ առումով անիկա միշտ արդիական է, որովհետեւ գեղեցկութիւնը ժամանակային եւ տարածական սահմաններ չունի»:

Դասախօսութեան աւարտին բանախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Շաբաթ, Փետրուար 3, 2018