ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՀՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ՄԱՅԱՆԵՐՈՒ՝ ԱՆՅԱՅՏ ՔԱՂԱՔՆԵՐ ԳՏԱԾ ԵՆ

Ամերիկացի հնագէտները Կուաթեմալայի մէջ յայտնաբերած են մայաներու քաղաքակրթութեան պատկանող 60 հազարէ աւելի մինչ այժմ անյայտ կառոյցներու հետքեր։ Գիտնականներու կարծիքով, բազմաթիւ ոռոգիչ ջրանցքներու, ճանապարհներու, ամրոցներու եւ բուրգերու առկայութիւնը կը վկայէ հինէն ուսումնասիրուած տարածքներու մէջ տասնեակ խոշոր քաղաքներու գոյութիւնը։

Ոչնչացուած քաղաքակրթութեան ձեռակերտները գտնուած են Կուաթեմալայի հիւսիս-արեւելքին, ընդամէնը լազերային ռատարներու օգնութեամբ գիտնականները ուսումնասիրած են աւելի քան 2 հազար քառակուսի քիլօմեթր տարածութիւն։

Ստացուած տուեալները կը վկայեն, որ մայաներու քաղաքակրթութիւնը անհամեմատ աւելի մեծաթիւ եղած է, քան աւելի առաջ կը համարուէր, իսկ անոր ընդարձակման սկսուած է յայտնաբերուած բնակավայրերու շուրջ։ Մասնագէտներու նախնական գնահատումներու համաձայն, այս տարածքին մէջ կրնայ ապրած ըլլալ մօտաւորապէս 10 միլիոն մարդ։

Մայաներու հնագոյն միջինամերիկեան քաղաքակրթութիւնը ժամանակակից Մեքսիկայի, Կուաթեմալայի եւ Հոնտուրասի տարածքներուն մէջ գոյութիւն ունեցած է մօտաւորապէս 3.5 հազար տարուայ ընթացքին՝ ընդհուպ մինչեւ գաղութային ժամանակաշրջանի սկսիլը։ Մօտաւորապէս 17-րդ դարու վերջին անոր վերջին անկախ քաղաքը անցած է սպանացիներու ենթակայութեան։

Շաբաթ, Փետրուար 3, 2018