ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ին ցուցաբերուած աջակցութիւնը կը թունաւորէ Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գործընկերութիւնը։ Այսպէս, ԱՄՆ-ի բանակին կողմէ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի ահաբեկիչներուն ի նպաստ ցուցաբերուած աջակցութիւնը ոչ միայն Թուրքիոյ անվտանգութեան կը սպառնայ, այլ միեւնոյն ժամանակ կը թունաւորէ երկու երկիրներու՝ երկար ժամանակէ ի վեր շարունակուող գործընկերութիւնը։

Գանատական «Ottawa Life Magazine» պարբերաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ Մեւլիւտ Չավուշօղլու ընդգծեց, որ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները թեւակոխած են նուրբ շրջան մը։ «ԱՄՆ-ի Սուրիոյ մէջ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի ահաբեկիչներուն տուած աջակցութիւնը եւ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչականկազմակերպութեան գոյութիւնը պատճառ կը դառնան, որ մենք տարբեր մօտեցումներու տէր ըլլանք», ըսաւ Չավուշօղլու։

Հարցազրոյցի տեւողութեան Չավուշօղլու յիշեցուց, որ Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի դաշնակից մըն է եւ կը փափաքի, որ իր անվտանգութեան կենսական մտահոգութիւններուն նկատմամբ նախապատուութիւն ցուցաբերուի՝ ԱՄՆ-ի կարճաժամկէտ մարտավարական քաղաքական նպատակներուն բաղդատմամբ։ Այսուհանդերձ, Թուրքիա եւ ԱՄՆ երկար ժամանակէ ի վեր դաշնակիցներ են եւ անոնց յարաբերութիւնները բռնած են ժամանակի քննութիւնը։ Ուստի, Թուրքիա Միացեալ Նահանգներու հետ բարձր մակարդակի վրայ շփումները կը տեւականացնէ եւ համոզուած է, որ հաղորդակցութեան ճանապարհներու բաց պահուիլը կը ներկայացնէ կարեւորութիւն։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու հարցազրոյցի ընթացքին խորհրդածութիւններ կատարեց նաեւ Սուրիոյ մէջ առկայ ճգնաժամի յաջորդելիք շրջանին շուրջ։ «Սուրիոյ ապագան պէտք է ճշդուի սուրիացիներուն կողմէ։ Պատմութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, որ ժողովուրդին կամքը ի վերջոյ կը վերահաստատուի։ Երբոր այս հակամարտութեան համար համոզիչ ու մշտական քաղաքական լուծում մը ապահովուի, ապա միջազգային հաւաքականութիւնը պիտի սկսի վերակառուցել Սուրիոյ ենթակառուցուածքները, որոնք վնաս կրած են պատերազմի հետեւանքով։ Գաղթականներու եւ տեղահանեալներու վերադարձը պէտք է դիւրացնել եւ տնտեսական օժանդակութիւն ապահովելու ուղղութեամբ պէտք է պատրաստ ըլլալ բարդ մարտահրաւէրներու», ըսաւ Չավուշօղլու։

Տարածքաշրջանային հարցերու մասին խօսելու ժամանակ՝ Մեւլիւտ Չավուշօղլու անդրադարձաւ նաեւ Իրաքի կացութեան։ Նախարարին խօսքերով՝ այդ երկրի գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը կենսական կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Այս իսկ պատճառով Թուրքիա դէմ եղած է Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան ղեկավարութեան կողմէ կազմակերպուած անկախութեան հանրաքուէին։ Չավուշօղլու յիշեցուց, որ Թուրքիա ցարդ երբեք որպէս թիրախ չէ ընդունած Իրաքի քըր-տական ազգաբնակչութիւնը։ Նախարարը աւելցուց, որ Պաղտատի եւ Էրպիլի միջեւ բանակցութիւններու սկսելու պարագային Թուրքիա այդ գործընթացին ամենաամուր աջակցութիւնը ցուցաբերող երկիրներէն մին պիտի ըլլայ։

Հարցումի մը պատասխանելով Չավուշօղլու անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիա-ՆԱԹՕ յարաբերութիւններուն։ Ըստ իրեն, Անգարա դաշինքի նկատմամբ խոստումները կը յարգէ եւ նոյնը կ՚ակնկալէ նաեւ դաշնակիցներէն։ «ՆԱԹՕ Թուրքիոյ անվտանգութեան ու պաշտպանութեան ծրագիրներու կեդրոնին տեղ կ՚առնէ։ Թուրքիա պատմականօրէն իր դիրքը ճշդեց ՆԱԹՕ-ի մէջ եւ հաւասար վճռակամութեամբ կը տեւականացնէ այս բանը։ Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի հպարտ անդամներէն մին է», ըսաւ նախարար Չավուշօղլու։

Միւս կողմէ, Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին կը շարունակեն «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրներու երէկուան յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ բանակի գործողութիւններու նպատակն է բարեկամ ու եղբայրական տարածքաշրջանի ժողովուրդը փրկել ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամներու ճնշում եւ չարչարանքներէն։ Զինեալ ուժերը երէկ ահաբեկչական թիրախները հարուածեցին համազարկային հրթիռներով ու թնդանօթներով։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, սահմանի վրայ զօրքերու կուտակումներն ալ կը շարունակուին։

Շաբաթ, Փետրուար 3, 2018