ԿՈՎԿԱՍԻ ՀԱՄԱՐ ՋԱՆՔԵՐ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Ան Լինտէն։ Հարկ է նշել, որ Շուէտ ներկայիս ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկիրը կը հանդիսանայ եւ անոր արտաքին գործոց նախարարն ալ գործնականօրէն կը գլխաւորէ կազմակերպութեան գործունէութիւնը։

Այս աշխատանքային այցելութենէն առաջ արդէն պաշտօնապէս տեղեկացուած էր, որ Լաւրով-Լինտէ բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Նախարարները երէկ քննարկեցին ԵԱՀԿ-ի՝ Կովկասէ ներս անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու շուրջ հաւանական միջնորդութիւնը։ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ քննարկումներուն ժամանակ կողմերը կանգ առին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի դերակատարութեան վրայ։

Ան Լինտէ Մոսկուա մեկնելէ առաջ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Զրոյցի ընթացքին անոնք շօշափեցին նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկարատեւ ու կայուն քաղաքական կարգաւորման հասնելու նպատակով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու գործողութիւնները յառաջ մղելու ուղղեալ ջանքերը։ Զուգահեռաբար՝ Մոսկուայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ճոն Սալըվըն յայտարարած էր, որ իր երկիրը Ռուսաստանի հետ կը համագործակցի Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ ու կը փափաքի շարունակել երկխօսութիւնը։ Ըստ իրեն, որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր՝ ԱՄՆ կողմնակից է շարունակել առկայ հարցերուն շուրջ համագործակցութիւնը Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի հետ։

Իր կարգին, ռուս վերլուծաբան Սթանիսլաւ Թարասով վերջին օրերուն հանդէս եկաւ խորհրդածութիւնով մը, որով մատնանշեց, թէ ԱՄՆ եւ Ֆրանսա չեն փափաքիր դուրս մնալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն։

Հարկ է նշել, որ Լաւրով երկու օր վերջ Մոսկուայի մէջ պիտի հիւրընկալէ նաեւ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելը։ Այդ բանակցութիւններուն ընթացքին ալ նախատեսուած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի քննարկումը։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՄԵՏՎԵՏԵՒ

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի փոխ-նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւ եւս վերջին օրերուն ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Ըստ իրեն, տակաւին չէ եկած Արցախի կարգավիճակի հարցը քննարկելու ժամանակը։ Արդարեւ, այս կապակցութեամբ կողմերու դիրքորոշումները շատ խիստ կը տարբերուին, նոյնիսկ Հայաստանէն ներս կան քննարկումներ։ Մետվետեւի խօսքով՝ աւելի լաւ է կարգավիճակի հարցը յետաձգել։ Ան բարձր գնահատեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ տարուած աշխատանքը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։

Տիմիթրի Մետվետեւ իր յայտարարութիւններուն մէջ ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը պէտք է քննարկել նաեւ Թուրքիոյ հետ։ «Թուրքիա մեր հարեւանն է ու շատ կարեւոր գործընկեր, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի համար մտերիմ երկիր մըն է։ Այդ գործօնը անկարելի է հաշուի չառնել։ Մոսկուա եւ Անգարա արդիւնաւէտ երկխօսութիւն հաստատած են, երկու նախագահները մշտապէս կը շփուին այս նիւթին շուրջ եւ ընդհանուր իրավիճակը վերահսկելու համար համատեղ կեդրոն մը ստեղծուած է», մատնանշեց Մետվետեւ։ Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Մետվետեւի համոզմամբ, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ Թուրքիոյ հետ բանակցիլը կը համարուի տարածքաշրջանի իրականութեան մաս, սակայն Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ այդ կտրուածքով համագործակցութիւնը անկարելի է երկարաժամկէտ քաղաքականութեան մը տարրը համարել։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2021