ՈՉ ԵՒՍ Է ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Հայկական ֆութպոլի աշխարհը երէկ ցաւալի կորուստ մը ունեցաւ։ Այսպէս, մահացաւ առասպելական ֆութպոլէօռ Յովհաննէս Աբրահամեան։ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Յովհաննէս Աբրահամեանի հոգեհանգիստը այսօր երեկոյեան ժամերուն տեղի կ՚ունենայ Երեւանի Կոնդ թաղամասի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ։ Ան վաղը կէսօրուան ժամերուն կը յուղարկաւորուի նոյն եկեղեցիէն։

Յովհաննէս Աբրահամեան «Արարատ-73»ի առասպելներէն էր։ Խորհրդային Միութեան ախոյենութիւնը նուաճած, բաժակին տիրացած եւ Եւրոպայի մրցաշարքերուն մէջ կարեւոր յաղթանակներ արձանագրած «Արարատ»ի կազմի խմբապետն էր Յովհաննէս Աբրահամեան, որ եղած էր նաեւ ակումբի օգնական մարզիչը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2021