ԱՌԱՆՑ ՓԱԿԱԳԻԾԵՐՈՒ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Ալմաթիի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միջկառավարական խորհուրդի անդամ երկիրներու վարչապետներու ժողովին։ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի նիստի շրջանակներէն ներս ան առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ։ Երբ Արցախի շրջափակումը աւելի քան 50 օրէ ի վեր կը շարունակուի, Նիկոլ Փաշինեան Միխայիլ Միշուսթինի հետ հանդիպման ընթացքին, հրապարակային ձեւով արտայայտուեցաւ գրեթէ առանց փակագիծերու։ Կը հաղորդուի, որ ան առաջնահերթօրէն արտայայտուած է Լաչինի միջանցքի փակման հարցին մասին։
Կը հաղորդուի, որ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպման ընթացքին ըսաւ. «Գիտէք, որ Ռուսաստանի Դաշնակցութիւնը անվտանգութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի առանցքային գործընկերն է։ Դժբախտաբար, մեզ մօտ ոչ այնքան լաւ իրավիճակ մըն է անվտանգային ոլորտին մէջ։ Գիտէք, որ աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր շրջափակուած է Լաչինի միջանցքը, որ ըստ Ռուսաստանի նախագահի, Ատրպէյճանի նախագահի եւ Հայաստանի վարչապետի եռակողմանի յայտարարութեամբ պէտք է ըլլայ ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան ներքեւ։ Այժմ այնպէս ստացուած է, որ Լաչինի միջանցքը չի գտնուիր ռուսական խաղաղապահներու վերահսկողութեան ներքեւ, ինչ որ կը ստեղծէ յստակ խնդիրներ։ Այժմ կրնանք ըսել, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը խորանայ մարդասիրական ճգնաժամ։ Սա շատ կարեւոր ու զգայուն հարց մըն է մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ»։
Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ դժբախտաբար, անվտանգութեան ոլորտէն ներս Երեւան եւ Մոսկուա հարցեր ունին նաեւ բազմակողմանի ձեւաչափով՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մէջ։ «Մենք կը յուսանք, թէ կը յաջողինք լուծել այդ բոլոր հարցերը։ Մենք կ՚աշխատինք, մենք շահագրգռուած ենք, բայց, դժբախտաբար, անկեղծ խօսքով, որեւէ յառաջխաղացում չի նկատուիր այս ուղղութիւններով։ ԵԱՀԿ -ի Երեւանի գագաթաժողովին ընթացքին կը կարծէինք, որ եկած ենք յստակ պայմանաւորուածութիւններու տարածաշրջանային տնտեսական ու փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու բացման առընչութեամբ», շարունակեց Փաշինեան եւ յիշեցուց, որ Փութին Երեւան մեկնած էր յստակ առաջարկներով եւ իրենք համաձայնեցուցած էին տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու բացման այդ համաձայնեցուած տարբերակներու երեսակները։ «Սակայն, դժբախտաբար, այդ պայմանաւորուածութիւնները իրականացնել կարելի չեղաւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ապակառուցողական եւ հակաարդիւնաւէտ դիրքորոշման պատճառով։ Մենք համոզուած ենք, թէ սա պէտք է տեղի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան համապատասխան։ Ես նկատի ունիմ 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտը եւ մենք այդ մէկը առաւել յստակեցուցած ենք 2021 թուականի յունուարի 1-ի յայտարարութիւնով։ Մենք բազմիցս այդ մասին ըսած ենք, որ եռակողմանի յայտարարութեան 9-րդ կէտի իրականացման հարցին մէջ պէտք է գործենք համապատասխան օրէնսդրութիւններուն այն երկիրներուն, որոնց տարածքով կ՚անցնին ենթակառուցուածքները», ըսաւ Փաշինեան։
Իր կարգին, Միշուսթինն ալ շեշտեց, որ Մոսկուա աւանդաբար հանդէս կու գայ Անդրկովկասի մէջ տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման ի նպաստ։ Ան կարեւորեց Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ապահովումը։ Վարչապետը շեշտեց, որ Ռուսաստան կողմնակից է Անդրկովկասէ ներս փոխադրութեան եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման։ «Նոր փոխադրական ենթակառուցուածքային ուղիներու ստեղծումը կը համապատասխանէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու շահերուն», ըսաւ ան։
Փաշինեան-Միշուսթին հանդիպումով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Հայաստանէ ներս ՀԱՊԿ-ի առաքելութիւն մը տեղակայելու առաջարկը տակաւին սեղանի վրայ է։ Իր խօսքով՝ եթէ Երեւան ընդունի, այդ առաքելութիւնը քանի մը օրուան ընթացքին կրնայ սկսիլ։