ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ ԳՐԱՌՈՒՄ

Երեւանի մօտ Իսրայէլի դեսպան Եոէլ Լիոն արձագանգեց Երուսաղէմի մէջ Հայոց Պատրիարքարանին եւ Հին Քաղաքի բնակիչ կարգ մը հայերուն դէմ գործուած յարձակումներուն։ Ծանօթ է, որ այս դէպքերը խոր մտահոգութիւն յառաջացուցած էին ամբողջ հայաշխարհէն ներս, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հրապարակած էր յայտարարութիւն մը։ Այս բոլորի լոյսին տակ դեսպան Եոէլ Լիոն գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։

«Այս դժբախտ իրադարձութիւնները իրականացուած են քանի մը ծայրայեղականներու կողմէ, որոնք որեւէ ձեւով չեն ներկայացներ Իսրայէլի բազմակարծիք ու բազմազան հասարակութիւնը։ Ինչպէս ցոյց տուած են կասկածեալներու անյապաղ ձերբակալութիւնները՝ Իսրայէլ հաւատարիմ է բոլոր կրօններու պաշտամունքի ազատութեան», նշուած է դեսպանի գրառման մէջ։

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2023