ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՊԱՇՏՕՆԻ ԿՈՉԵՑ ՊՈՆՈՆ

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն՝ Կովկասի բանակցային հարցերով աւագ խորհրդական նշանակեց Լուիզ Պոնոն։ Այս վերջինը անցեալի մէջ աշխատած է՝ որպէս Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան մօտ ԱՄՆ-ի ներկայացուցիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար, Սուրբ Աթոռի մօտ ԱՄՆ-ի գործերու հրամանատար։ Պետական քարտուղարութենէն ներս ան Պասրայի տարածաշրջանի գրասենեակի տնօրէնը եղած է, մաս կազմած է ԱՄՆ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին եւ պետական քարտուղարի տեղակալի՝ տնտեսական ու գործարարութեան հարցերով խորհրդականը եղած է։

Լուիզ Պոնոյի այս նոր նշանակման կապակցութեամբ հաղորդուեցաւ, որ ան երկկողմանի կ՚աշխատի համախոհ գործընկերներու հետ՝ ներառեալ Եւրոմիութիւնը, միջազգային այլ կառոյցներն ու ԵԱՀԿ-ը՝ խթանելու համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկխօսութիւնը։

Հարկ է յիշեցնել, որ մինչեւ մօտաւոր անցեալը այս պաշտօնը վստահուած էր Ֆիլիփ Ռիքերին, որ աւելի վերջ հրաժարեցաւ։ Այժմ իրեն կը յաջորդէ Լուիզ Պոնոն։ Միայն, այս անգամուան նշանակման մէջ կայ տարբերութիւն մը։ Ֆիլիփ Ռիքեր նշանակուած էր՝ որպէս թէ՛ Կովկասի բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական եւ թէ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ։ Իսկ այս անգամ, Պոնոյի պարագային պաշտօնական հրապարակման մէջ որեւէ նշում չկայ համանախագահութեան մասին, միայն ակնարկութիւն մը կայ ԵԱՀԿ-ին։

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբերներէն Վետանթ Փաթելն ալ այս կապակցութեամբ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ խորապէս ներգրաւուած մնալ Երեւան-Պաքու առկայ խնդիրներու կարգաւորման հարցին։

Ուաշինկթընէն աւելի ուշ կատարուած հաղորդումներուն մէջ, յամենայնդէպս, որոշ ակնարկութիւն մը կատարուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին։

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2023