ՊԱՏԿԱՌԵԼԻ ՈՒԺԻ ՑՈՅՑ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար նախընթաց օր Կարսի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովն ու Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Ճուանշէր Պուրչուլածէն։ Եռակողմանի հանդիպումը տեղի ունեցաւ Սարըքամըշի մէջ։ Ներկայ էին նաեւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէր եւ թրքական բանակի վերնախաւը։ Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին ռազմական պատրաստութեան եւ համագործակցութեան հարցերու շուրջ։

Եռակողմանի հանդիպումը նախորդեց՝ Սարըքամըշի մէջ երէկ սկսած 2023 թուականի ձմեռնային ռազմափորձերուն։

«Ձմեռ-2023»ը կը նկատուի Հանրապետութեան շրջանի ամենալայնածաւալ ռազմափորձը։ -20 աստիճան ցուրտի մէջ կ՚ընթանան զօրավարժութիւնները, որոնք ուշադրութիւն կը գրաւեն թէ՛ զօրքերու մարտունակութեան եւ թէ արհեստագիտական յագեցածութեան տեսակէտէ։ 17 երկիրէ զինուորներ կը մասնակցին ռազմափորձին։ Անոնց շարքին կը գտնուին Անգլիա, Գերմանիա, Ատրպէյճան, Ղազախիստան եւ այլն։

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար Կարսի մէջ ունեցած ելոյթին ժամանակ խօսած է նաեւ Զանգեզուրի միջանցքին շուրջ, ինչ որ լայն արձագանգ գտած է նաեւ հայկական լրահոսին մէջ։ Իր խօսքով՝ միջանցքին բացումը պիտի նպաստէ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման։ Նախարարը ընդգծեց համատեղ քայլերու կարեւորութիւնը՝ տարածաշրջանէն եւ ամբողջ աշխարհէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման համար։

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2023