«ԱԶԳ» ԹԵՐԹԻ 25-ԱՄԵԱԿԸ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ նշուե­ցաւ «Ազգ» թեր­թի հիմ­նադ­րու­թեան 25-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Այս առ­թիւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան «Ազգ»ի հիմ­նա­դիր ու գլխա­ւոր խմբա­գիր Յա­կոբ Ա­ւե­տի­քեա­նը պար­գե­ւատ­րեց իր նա­խա­րա­րու­թեան «Յա­կոբ Մե­ղա­պարտ» մե­տայ­լով։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան մատ­նան­շեց, որ Հա­յաս­տա­նի տե­սա­կէ­տէ դժուա­րին պայ­ման­նե­րու մէջ «Ազգ»ը դար­ձած է թերթ մը, որ կը մա­տու­ցէ հո­գե­ւոր սնունդ եւ ո­րուն ըն­թեր­ցող­նե­րը կը սպա­սեն ա­մէն օր։ Ըստ ի­րեն, «Ազգ»ի 25-ա­մեա­կը մեծ յո­բե­լեան մը կը հա­մա­րուի հայ­կա­կան լրա­տուա­կան աշ­խար­հին տե­սա­կէ­տէ։ Հե­տե­ւա­բար, ան ջերմ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց այս հանգ­րուա­նին կա­պակ­ցու­թեամբ ու մաղ­թեց նոր յո­բե­լեան­ներ։ Յա­կո­բեա­նի խօս­քե­րով, «Ազգ»ը Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թե­նէն ա­ւե­լի մեծ է, ո­րով­հե­տեւ պե­տու­թեան ան­կա­խու­թիւ­նը հռչա­կուե­ցաւ 21 Սեպ­տեմ­բեր 1991-ին, իսկ «Ազգ»ը ար­դէն ստեղ­ծուած էր նոյն թուա­կա­նի Փետ­րուա­րի 16-ին։ ««Ազգ» օ­րա­թեր­թի ա­ռա­ջին քայ­լե­րը շատ դժուար էին, ո­րով­հե­տեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ ըն­դա­մէ­նը եր­կու ժամ լոյս կար. մենք կ՚ապ­րէինք ու­ժա­նիւ­թի ճգնա­ժա­մի եւ պա­տե­րազ­մի պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ։ Սար­սա­փե­լի ծանր օ­րեր էին։ «Ազգ»ը դար­ձած էր մեզ մխի­թա­րող, հո­գե­ւոր սնունդ մա­տու­ցող թերթ մը, ո­րուն կը սպա­սէինք ա­մէն օր», ը­սաւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ Յա­կոբ Ա­ւե­տի­քեան ստեղ­ծեց հայ­կա­կան լրա­տուա­կան դպրոց մը եւ իր թեր­թը հաս­ցուց շատ յայտ­նի լրագ­րող­ներ։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Լրագ­րու­թեան ֆա­քիւլ­թէի տե­սուչ Նա­ղաշ Մար­տի­րո­սեան, ո­րու խօս­քե­րով՝ յո­բե­լե­նա­կան ձեռ­նար­կը հա­մախմ­բած է բո­լո­րը՝ շնոր­հիւ «Ազգ»ի նկատ­մամբ բա­ցա­ռիկ վե­րա­բեր­մուն­քի, սի­րոյ եւ հա­ւատ­քի։ Մար­տի­րո­սեան ընդգ­ծեց, որ «Ազգ»ը եր­բեք վստա­հու­թեան ճգնա­ժամ մը չէ ապ­րած։ Թեր­թի 25-ա­մեա­կը կը նշուի այս տա­րի, երբ եր­կու մեծ յո­բե­լեան­ներ կան օ­րա­կար­գի վրայ՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թիւն­նե­րուն 25-ա­մեակ­նե­րը։

Հա­յաս­տա­նի Լրագ­րող­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Աստ­ղիկ Գէոր­գեանն ալ հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին խոս­տո­վա­նե­ցաւ, որ «Ազգ» թեր­թի հա­ւա­տա­րիմ ըն­թեր­ցող մըն է։ Ան ը­սաւ. «Կ՚ըն­թեր­ցեմ խմբագ­րա­կա­նէն մին­չեւ վեր­ջին տո­ղը։ «Ազգ»ը պա­տաս­խա­նա­տու եւ ո­րա­կեալ մա­մուլ է, բամ­բա­սանք, չճշդուած տե­ղե­կա­տուու­թիւն չենք գտներ։ Յա­կոբ Ա­ւե­տի­քեա­նը ար­ժա­նա­ցած  է մեր բո­լո­րի պար­գեւ­նե­րուն, ինչ­քան ոս­կի ու­նինք տուած ենք։ Շատ եր­ջա­նիկ եմ, որ Ա­ւե­տի­քեա­նի ժա­մա­նա­կա­կիցն եմ»։

Յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ «Ազգ»ի անձ­նա­կազ­մի նախ­կին ան­դամ­նե­րէն, «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան նախ­կին տնօ­րէն Հրայր Զօ­րեան։ Ա­ւե­լի վերջ ըն­թեր­ցուե­ցան բազ­մա­թիւ շնոր­հա­ւո­րա­կան­ներ, ե­լոյթ ու­նե­ցող­ներ կա­րե­ւո­րե­ցին «Ազգ»ի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

16 Փետ­րուար 1991 թուա­կա­նին Ե­րե­ւա­նի մէջ հիմ­նուած «Ազգ»ը ե­ղաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ա­ռա­ջին ան­կախ օ­րա­թեր­թը։ 1999 թուա­կա­նէն սկսեալ թեր­թը ու­նե­ցաւ հա­մա­ցան­ցա­յին կայ­քէջ մը, որ այդ շրջա­նին իս­կա­պէս փայ­լուն կը հա­մա­րուէր իր նման­նե­րու շար­քին։ Եր­կար տա­րի­ներ որ­պէս օ­րա­թերթ լոյս տես­նե­լէ վերջ վեր­ջին շրջա­նին «Ազգ»ը վե­րա­ծուած է շա­բա­թա­թեր­թի։ Թեր­թի հիմ­նա­դիր-գլխա­ւոր խմբա­գիր Յա­կոբ Ա­ւե­տի­քեան «Ազգ»ը հիմ­նե­լէ ա­ռաջ խմբագ­րած է Պէյ­րու­թի «Զար­թօնք» օ­րա­թեր­թը եւ իս­կա­կան հե­ղի­նա­կու­թիւն մը կը հա­մա­րուի հայ­կա­կան լրա­տուա­կան աշ­խար­հէն ներս։  

Հինգշաբթի, Մարտ 3, 2016