ԳԵՐՄԱՆԻԱ ԱՒԵԼԻ ԲԱՐՁՐ ԴԵՐԻ ՄԸ ԿԸ ՅԱՒԱԿՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԵՏՆԻ ՎՐԱՅ
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ իր երկիրը աւելի մեծ պատասխանատուութիւն պիտի ստանձնէ աշխարհի իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ, մասնաւորապէս այն ամէն ինչին համար, որ կը կատարուի Եւրոպայի սահմաններէն դուրս։
Երէկ, Մերքէլ ելոյթ մը ունեցաւ Քրիստոնեայ-Դեմոկրատական կուսակցութեան նախընտրական ժողովին ընթացքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գերմանացի շանսէօլիէն ընդգծեց, որ Գերմանիան պիտի չբաւարարուի ապրանքներ արտածողի եւ գործարաններ կառուցողի դերով։ «Սա կը նշանակէ աւելի մեծ օգնութիւն զարգացման համար, աւելի շատ չափանիշներ կլիմայի պաշտպանութեան հարցին մէջ, սա կը նշանակէ ազնիւ առեւտուր եւ այլ շատ մը բաներ, ինչ որ, հաւանաբար, անկարելի թուի զգալ փակ հասարակութեան մէջ», ըսաւ Մերքէլ։
Միեւնոյն ժամանակ ան շեշտեց, որ Եւրոպայի հիմնական հարցերէն մին է գաղթականաց ճգնաժամը եւ այդ մէկուն լուծման պիտի նպաստէ Սուրիոյ իրադրութեան կարգաւորումը։ Անկելա Մերքէլ այս կապակցութեամբ յոյս յայտնեց, թէ յաջողութեամբ կ՚աւարտին Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները։
ԹՈՒՍՔԻ ԱՅՑԸ
Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք այսօր միօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Անգարա, ուր կը հիւրընկալուի Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կը գտնուին գաղթականաց ճգնաժամին վերաբերեալ հարցեր։