ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒ ՎԱՂԸ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու վաղը պիտի այցելէ Թեհրան։ Իրանի Նաւթի փոխ-նախարար Մուհամմէտ Ռըզա Մուկատամ յայտարարեց, որ Տավուօղլուի այցելութեան ծրագիրը նախատեսուած է երկու օրուան ձեւաչափով։ Ըստ իրեն, Տավուտօղլուի շփումներուն բերումով յետաձգուած է Իրանի մէջ նախատեսուած՝ նաւթի արդիւնաբերութեան եւ տնտեսական կայունութեան վերաբերեալ համաժողովը։ Իրանցի փոխ-նախարարը Տավուտօղլուի այցելութեան վերաբերեալ այլ մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած։
Մինչ այդ, հաւանական է, որ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի Ապրիլի կէսերուն այցելէ Թուրքիա։ Թուրքիա-Իրան բարձր մակարդակով համագործակցութեան խորհուրդի ժողովին մասնակցելու համար տեղի պիտի ունենայ այդ այցելութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան անցեալ տարի Ապրիլին այցելած էր Թեհրան եւ այդ ուղեւորութենէն վերջ առաջին անգամ Թուրքիայէն բարձր մակարդակով այց մը կը տրուի դէպի Իրան։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներն ալ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած այս այցելութեան օրակարգին կապակցութեամբ։ Մեկնաբաններ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն այն հանգամանքին վրայ, թէ Տավուտօղլուի Թեհրան այցը կը համընկնի Սուրիոյ հրադադարի օրերուն եւ յաջորդ շաբաթ Ժընեւի մէջ նախատեսուած բանակցութիւններուն ընդառաջ։
Քննարկումներուն օրակարգին վերաբերեալ տեղեկութիւններու բացակայութիւնը կը բացատրուի այն հանգամանքով, որ բանակցութիւններու օրակարգին վերաբերեալ տակաւին աշխատանք կը տարուի որոշ մանրամասնութիւններու վրայ։ Միջազգային աղբիւրներն ալ ուշագրաւ կը համարեն այս այցելութեան ժամկէտը։ Ուստի, հաւանական է, որ Տավուտօղլու Թեհրանի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շօշափէ թէ՛ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ թէ տարածքաշրջանային իրադարձութիւններուն տեսակէտէ կարեւոր նիւթեր։