ԶՍՊՈՂ ԳՈՐԾՕՆԸ…
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ Երեւան եւ Ստեփանակերտ պատերազմ չեն փափաքիր, մինչդեռ Պաքու անընդհատ կը խօսի այդ մասին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս Սերժ Սարգսեան երէկ մասնակցեցաւ դեսպանահաւաքի աշխատանքներու բացման փուլին։ Ան բարձրաստիճան դիւանագէտներու հետ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախն-րին շուրջ արտասահմանի մէջ եւ միջազգային զանազան հարթակներու վրայ հայկական դիւանագիտութեան առջեւ դրուած խնդիրներուն, Ատրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութեան տարածքաշրջանէ ներս լարուածութեան ստեղծման ուղղեալ քայլերու դէմ հակազդեցութեան։ «Երեւան եւ Ստեփանակերտ պատերազմ չեն փափաքիր, մինչդեռ Պաքու վաղուց ամենաբարձր մակարդակի վրայ անընդհատ կը խօսի այս մասին, շփման գծին վրայ կ՚աւելցնէ լարուածութիւնը, կը հերոսացնէ այն զինուորները, որոնց գործած իբր թէ «սխրանքները» կը համարուին պատերազմի յանցագործութիւն։ Եթէ Ատրպէյճան շարունակէ նոյն ոգիով եւ իրավիճակը հասցնէ պատերազմականի, ապա Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը ապահովելու համար մենք վայրկեան մը իսկ կանգ չենք առներ կիրառելու մեր զինանոցի բոլոր հնարաւորութիւնները», ըսաւ Սերժ Սարգսեան եւ աւելցուց, որ ներկայիս տարածքաշրջանէ ներս լայնածաւալ պատերազմը զսպող գլխաւոր գործօնն է հայ զինուորը, որ կանգնած է ամուր եւ յստակ կը գիտակցի, թէ ինչո՛ւ համար կը պայքարի եւ ի՛նչ խնդիր կը լուծէ։
Մինչ այդ, Սերժ Սարգսեան յառաջիկայ օրերուն կը պատրաստուի այցելել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահ երկիրներէն երկուքին մայրաքաղաքները։ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հրաւէրին ընդառաջ՝ ան Մարտի 8-ին շփումներ պիտի ունենայ Փարիզի մէջ։ Այս պետական այցելութենէն շուրջ շաբաթ մը վերջ Սերժ Սարգսեան այս անգամ պիտի ուղեւորուի Մոսկուա։ Մարտի 14-ին նախատեսուած է իր պաշտօնական այցելութիւնը՝ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով ռուսական մամուլին բացատրութիւններ տուած է այս այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն շուրջ։ Թէ՛ Փարիզի եւ թէ Մոսկուայի մէջ Սերժ Սարգսեան բնականաբար պիտի շօշափէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ ստեղծուած իրադրութիւնը։ Բոլորովին վերջերս Հայաստանի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարները՝ Եդուարդ Նալպանտեան եւ Սէրկէյ Լաւրով եւս անդրադարձած էին սոյն այցի նախապատրաստութիւններուն։ Երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, թէ իր երկիրը հաւատարիմ է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման սկզբունքային դիրքորոշման։ Ըստ իրեն, ռուսական կողմը հանդէս կու գայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ի նպաստ, ինչ որ անոր սկզբունքային դիրքորոշումն է։ «Դուք գիտէք մեր սկզբունքային դիրքորշումը, որ նպատակաուղղուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ միջոցներով կարգաւորման։ Սա սկզբունքային դիրքորոշում մըն է, նաեւ փաստաթուղթային ու մենք հաւատարիմ կը մնանք այդ մէկուն», յայտնեց Մարիա Զախարովա եւ աւելցուց, որ Մոսկուա պաշտօնապէս կը շարունակէ աշխատանքային կապերը հակամարտ կողմերուն հետ։
Մարիա Զախարովա վերջին շրջանին յայտնած էր նաեւ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ուղղակի սպառնալիք մըն է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ազգային անվտանգութեան, կայունութեան եւ զարգացման դէմ։
Թէ՛ Մոսկուա եւ թէ Փարիզ այս շրջանին կը պատրաստուին նաեւ հիւրընկալել Պաքուի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքեր։ «Իզվեստիա» ռուսական թերթը գրեց, որ թէ՛ Երեւան եւ թէ Պաքու բազմիցս բարձրաձայնած են, որ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ գլխաւոր դերը վերապահուած է Մոսկուային։ Սէրկէյ Լաւրով բոլորովին վերջերս իր հայ եւ ազէրի պաշտօնակիցներուն հետ անդրադարձաւ ղարաբաղեան հիմնախնդրին։ Ուշագրաւ էր նաեւ, որ Փարիզ եւ Մոսկուա այցելութիւններուն ընդառաջ Սերժ Սարգսեան շփումներ ունեցաւ Պրուքսելի մէջ՝ բանակցութիւններ վարելով Եւրոմիութեան վերնախաւին հետ։ Հայաստանեան դիտորդներ ալ հաւանական կը նկատեն, որ Մոսկուա եւ Երեւան սպառազինութեան շուրջ նոր համաձայնագիր մը ստորագրեն մօտաւոր ապագայի բանակցութիւններու արդիւնքին։ Ռուսաստան միշտ զէնք կը մատակարարէ Ատրպէյճանին, ինչ որ անհանգստութիւն կը պատճառէ իր ռազմավարական դաշնակից Հայաստանին։ Բայց եւ այնպէս, ռուսական կողմը ուշադրութեամբ կը հետեւի նաեւ այն քայլերուն, զորս Ատրպէյճան կ՚առնէ Իսրայէլի եւ Փաքիստանի հետ՝ նոր սպառազինութիւններ ապահովելու ճանապարհին։ Ուստի, մեկնաբանները համոզուած են, որ Ռուսաստան կը փափաքի, թէ այստեղ ամէն պարագայի մէջ պահ-պանուի հաւասարակշռութիւնը։ Այսպիսի ակնկալութիւններու եւ իրավիճակի մը մէջ տեղի պիտի ունենան Սերժ Սարգսեանի այցելութիւնները՝ դէպի Փարիզ եւ Մոսկուա։
Վերջին շրջանին Նախագահ Սերժ Սարգսեան յաճախակիօրէն շեշտը դրաւ այն հանգամանքին վրայ, որ Արցախի ժողովուրդը ինքն իսկ պէտք է որոշէ, թէ ի՛նչ կարգավիճակով կ՚ուզէ ապրիլ։ «Այսօր ակըն-յայտ է միջազգային հանրութեան մօտեցումը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը պէտք է որոշ-ւի Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն իսկ կողմէ։ Մեր նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը որոշելն է՝ անոր բնակիչներուն միջոցաւ։ Ոչ ոք իրաւունք ունի արցախցիները պարտադրել՝ ապրելու իրենց պայմաններով։ Այնտեղ ապրողները իրենք պէտք է որոշեն, թէ ի՛նչ կարգավիճակով կ՚ուզեն ապրիլ։ Ոեւէ մէկը իրաւունք չունի անոնց պարտադրել ապրիլ իրենց պայմաններով. ո՛չ Ատրպէյճանը, ո՛չ Հայաստանը եւ ոչ ալ ուրիշներ։ Ես վստահ եմ, որ պիտի գայ ժամանակը, երբ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը պիտի լուծուի այս իսկ ճանապարհով», ըսած էր ան։
Սերժ Սարգսեան վերջերս յայտնած էր նաեւ, որ Արցախ -Ատրպէյճան շփման գծին վրայ խաղաղապահ ուժեր տեղադրելու շուրջ բանակցութիւններ երբեք չեն ընթացած։ Ըստ իրեն, միանշանակ է, որ հարցի վերջնական լուծումէն յետոյ ի վերջոյ պիտի տեղակայուին խաղաղապահներ։ Ան յայտնած էր նաեւ, որ Հայաստան սպառազինութիւն ձեռք բերելու համար պէտք է վարէ մանրակրկիտ ձեւով հաշուարկուած քաղաքականութիւն մը։