ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կը պատրաստուի պաշտօնական այցելութիւն մը տալ դէպի Պիշքէք։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը 6-7 Մարտ թուականներուն շփումներ պիտի ունենայ Խրղըզիստանի մէջ։ Պիշքէքի մէջ ան պիտի մասնակցի Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի նիստին։ Կարէն Կարապետեանի ընկերակիցներու շարքին պիտի գտնուին Հայաստանի Փոխ-վարչապետ Վաչէ Գաբրիէլեան, Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան եւ այլ պաշտօնատարներ։
Միւս կողմէ, Կարէն Կարապետեան երէկ Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ «Քոնթուր Կլոպալ» ընկերութեան գործադիր փոխ-նախագահ եւ ընդհանուր տնօրէն Քարլ Շնատթի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները քննարկեցին Որոտանի ջրաելեկտրակայանի համալիրի արդիականացման եւ լիարժէք գործարկման ներդրումային ծրագրի ընթացքը։ Երկուստեք կարեւորուեցան պարբերական աշխատանքային հանդիպումները, որոնք հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն կարծիքներ փոխանակելու՝ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ զանազան հարցերու շուրջ։
Կողմերը վերահաստատեցին ներդրումային ծրագրի վերաբերեալ ստորագրուած պայմանագրով ստանձնուած պարտաւորութիւնները պատշաճ կարգով եւ սահմանուած ժամկէտներուն մէջ կատարելու յանձնառութիւնը։ Կարէն Կարապետեան կարեւորեց այս ծրագրի իրականացումը եւ ընդգծեց, որ պայմանագրին տակ երկու կողմերն ալ դրած են իրենց ստորագրութիւնը, ուստի պէտք է կատարուին այդ փաստաթուղթով նախատեսուած բոլոր կէտերը։