ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒՄ

Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլի երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Երեւանի մէջ հիւր վարչապետը ընդունուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։

Կիորկի Քվիրիքաշվիլի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ։ Երկու վարչապետները Հայաստանի կառավարութենէն ներս ունեցան առանձնազրոյց մը, աւելի վերջ գլխաւորուեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Հուսկ, Կարէն Կարապետեան եւ Կիորկի Քվիրիքաշվիլի սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու  ընթացքին ամփոփեցին բանակցութիւնները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Կարէն Կարապետեան յայտնեց, որ փորձած են յստակացնել, թէ ինչպէս յառաջ պիտի շարժին երկու հարեւան երկիրները ուժանիւթի, փոխադրութեան եւ միւս ոլորտներէ ներս համագործակցութեան պարագային։ Իր կարգին, Կիորկի Քվիրիքաշվիլին ալ ընդգծեց, որ Հայաստան եւ Վրաստան կ՚օգտուին իրարու առեւտրային գօտիներէն։

Հիւր վարչապետը Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման եւ զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան ընդլայնման։ Իր խօսքերով՝ բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները կը նպաստեն Հայաստանի եւ Վրաստանի բարեկամութեան ամրապնդման, ինչ որ տեղի կ՚ունենայ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ։ Հարկ է նշել, որ Սերժ Սարգսեան նախագահական ապարանքէն ներս պաշտօնական ճաշ մըն ալ սարքեց ի պատիւ հիւր վարչապետին։

Քվիրիքաշվիլի օրուան տեւողութեան այցելեց նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը եւ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը։

Շաբաթ, Մարտ 3, 2018