ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը երէկ գումարեց արտահերթ նիստ մը, որու ընթացքին ընտրեց երկրի նոր՝ չորրորդ ղեկավարը։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուեցաւ Արմէն Սարգսեան։

Երէկ առաւօտ Հայաստանի խորհրդարանի արտահերթ նիստին զուգահեռ տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն։ Ըստ երկրի բարեփոխեալ սահմանադրութեան, նախագահը պէտք է ընտրուի խորհրդարանին կողմէ, որովհետեւ երկրէն ներս հաստատուած է նախկին կիսանախագահական կառավարման դրութեան փոխարէն նոր՝ խորհրդարանական կառավարման համակարգը։ Խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած էր Արմէն Սարգսեանի թեկնածութիւնը եւ ան արդէն այդ պաշտօնին յաւակնող միակ թեկնածուն էր։ Խորհրդարանի արտահերթ նիստին մասնակցեցան 105 պատգամաւորներէն 101-ը։ Երեսփոխանի մը գործածած քուէն նկատուեցաւ անվաւեր։ Մնացեալ 100 քուէներէն 90-ը տրուած էր Արմէն Սարգսեանին վրայ։ 10 քուէ ալ դէմ էր։ Այսպէսով Արմէն Սարգսեան գրեթէ միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահ։

Նախագահ ընտրուելէ վերջ Արմէն Սարգսեան շնորհակալութեան հակիրճ խօսքով մը հանդէս եկաւ Ազգային ժողովի երդիքին տակ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ իրեն կողմ եւ թէ իրեն դէմ քուէարկող երեսփոխաններուն։ Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ կարիքը պիտի ունենայ բոլորի աջակցութեան եւ յառաջիկայ շրջանին պիտի փորձէ ծառայել Հայաստանի Հանրապետութեան, անոր քաղաքացիներուն եւ ամբողջ հայ ժողովուրդին։

Ընտրութեան արդիւնքի յայտնի դառնալէն վերջ, Արմէն Սարգսեան ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Այս վերջինը ջերմ արտայայտութիւններով շնորհաւորեց Արմէն Սարգսեանը եւ վստահութիւն յայտեց անոր յաջողութեան եւ երկրի բարօր ապագային ուղղութեամբ։ Իր կարգին, Արմէն Սարգսեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան համար եւ բաժնեց նոյն լաւատեսութիւնը։ Հարկ է նշել, որ Արմէն Սարգսեան պիտի երդուէ ու պաշտօնապէս իր առաքելութեան պիտի կոչուի յառաջիկայ 9 Ապրիլին, երբ նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարութեան ժամկէտը պիտի հասնի  իր աւարտին։

Միւս կողմէ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ալ երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Արմէն Սարգսեանին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու կապակցութեամբ։

Շաբաթ, Մարտ 3, 2018