ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԵՐՔԷԼԻ ՀԵՏ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան ժամերուն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարներու հեռախօսազրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Իտլիպի իրադարձութիւնները, որոնք Սուրիոյ տագնապի ամբողջին մէջ դարձած են հրատապ։ Էրտողան եւ Մերքէլ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան թէ՛ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ թէ տարածքաշրջանի իրադարձութիւններուն շուրջ՝ մասնաւորապէս կանգ առնելով գաղթականաց խնդիրներուն վրայ։ Նախագահ Էրտողան զրոյցի ընթացքին շեշտեց, որ գաղթականներու պարագային առկայ բեռն ու պատասխանատուութիւնը պէտք է բաժնուին արդար ձեւով եւ այս ուղղութեամբ պէտք է յարգուին միջազգային յանձնառութիւնները։

Մինչ այդ, Անկելա Մերքէլ կարեւոր յայտարարութիւններ ըրաւ Սուրիոյ հիւսիսին անվտանգ գօտիի մը ստեղծման եւ Իտլիպի պարագային հրադադարի մը հաստատման հարցին շուրջ։ Իր խօսքով՝ Իտլիպի մէջ անհրաժեշտ է հրադադարի հաստատուիլը եւ Թուրքիոյ սահմանին վրայ գտնուող հարիւրհազարաւոր սուրիացիներուն համար նոյնպէս անհրաժեշտ է անվտանգ գօտիի մը ստեղծուիլը։ Ըստ Մերքէլի, վերջին օրերու իրադարձութիւնները կու գան ապացուցանել, թէ Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ գաղթականներու վերաբերեալ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը որքան մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Թուրքիա մեծ թիւով գաղթականներ հիւրընկալելով կարեւոր նպաստ մը կը բերէ այս ուղղութեամբ։ Մերքէլ յիշեցուց, որ Իտլիպի իրադարձութիւններուն պատճառով Թուրքիա ծանր հետեւանքներու կ՚ենթարկուի։ Գերմանացի վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ նախագահ Էրտողանի հետ իր ծաւալած քննարկումներուն։ Իր խօսքով՝ Թուրքիոյ նախագահը համոզուած է, թէ անհրաժեշտ զօրակցութիւնը չի ցուցաբերուիր իր երկրին նկատմամբ։ Մերքէլ կը հասկնայ, թէ թրքական կառավարութիւնն ու նախագահ Էրտողան Եւրոպայէն աւելի մեծ ակնկալութիւններ ունին։ Բայց եւ այնպէս, առկայ դժգոհութիւններու գաղթականաց վրայով դրսեւորումն ալ անընդունելի կը համարուի՝ Մերքէլի խօսքերով։ Թուրքիա մանաւանդ Իտլիպի հարցին շուրջ մեծ պարտականութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուի եւ Մերքէլ ընդգծեց, որ թրքական կառավարութեան հետ գաղթականաց հարցերուն շուրջ պէտք է շփման մէջ ըլլալ։

Միւս կողմէ, նախագահ Էրտողան կը պատրաստուի այցելել Մոսկուա։ 5 մարտին նախատեսուած է իր ուղեւորութիւնը, որու ընթացքին ան բանակցութիւններ պիտի վարէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրներն ալ հաստատեցին այս այցելութիւնը։ Երկու ղեկավարները մասնաւորապէս աչքէ պիտի անցընեն Սոչիի համաձայնութեան գործադրութեան ընթացքը։

Էրտողանի Մոսկուա այցելութեան մթնոլորտը կը պայմանաւորուի Իտլիպի մէջ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած «Գարնան վահան» լայնածաւալ գործողութիւններով։

Երեքշաբթի, Մարտ 3, 2020