ՓԱՇԻՆԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՎՐԱՍՏԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թիֆլիզ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Վրաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Երկօրեայ այցելութեան ծիրէն ներս ան հանդիպումներ կ՚ունենայ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի, վարչապետ Կիորկի Կախարիայի, խորհրդարանի նախագահ Արչիլ Թալաքւածէի, ինչպէս նաեւ Համայն Վրաստանի Կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա Բ.-ի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան Թիֆլիզի մէջ «Հերոսներ» հրապարակին վրայ ծաղկեպսակ կը զետեղէ յուշակոթողին եւ կը մատուցէ իր յարգանքի տուրքը։ Նախատեսուած է նաեւ իր հանդիպումը Թիֆլիզի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Երեքշաբթի, Մարտ 3, 2020