ԱՄԷՆ ՎԱՅՐԿԵԱՆ ԿՐՆԱՅ ԲԱՆ ՄԸ ՓՈԽՈՒԻԼ

Հայաստանի քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ առիթն ունեցանք զրուցելու ընդդիմութեան վառ ներկայացուցիչներէն Գեղամ Մանուկեանի հետ։ Ան կը վարէ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի հանրահաւաքները, նախկին երեսփոխան մըն է, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ եւ «Երկիր մետիա» հեռուստաընկերութեան ղեկավարներէն։ Գեղամ Մանուկեան մեզի ամփոփ խորհրդածութիւններ ըրաւ Հայաստանի իրադարձութիւններու հասած փուլին եւ ընդդիմութեան կանխատեսումներուն շուրջ։

Ներկայիս հաւանական դարձած է, որ խորհրդարանական ընդդիմութենէն «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան եւ իշխանութեան գլուխ գտնուող «Իմ քայլը»ի միջեւ համաձայնագիր մը ստորագրուի արտահերթ ընտրութեան վերաբերեալ։ Թէ ի՞նչ կ՚ըլլայ այդ պարագային ընդդիմութեան քայլը։ Այս կապակցութեամբ Գեղամ Մանուկեան մեզի յայտնեց հետեւեալը. «Ես չեմ ուզեր հաւանական համարել կամ արձանագրել, որ այդ թուղթը կը ստորագրուի, որովհետեւ ամէն վայրկեան կարելի է բան մը փոխուի. օրինակ՝ Էտմոն Մարուքեան կրնայ որոշել դադրիլ այդ ուղղութեամբ շարժելէ եւ այլ ուղիով մը ընթանալ»:

Ճիշդ է, որ վերջին շրջանի հանրահաւաքները շարժում մը ստեղծած են Հայաստանի մէջ, բայց տակաւին բաւարար չեն իշխանափոխութեան հասնելու համար։ Ձեր կարծիքով կարիք կա՞յ ծանրակշիռ քայլեր առնելու երկիրը ամբողջութեամբ անդամալուծելու՝ ինչպէս որ Փաշինեան ըրած էր 2018 թուականին.

«Կախեալ է՝ ի՞նչ նկատի ունիք ծանրակշիռ ըսելով: Եթէ ծանրակշիռ քայլ կը համարէք իրաւական ուղիները, ապա «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» իրաւական յանձնախումբը արդէն հատորներով փաստաթուղթեր պատրաստած է, միջնորդութիւններ՝ Փաշինեանի անօրինական գործողութիւններուն վերաբերեալ։ Իրենց հերթին փաստաբանները դիմած են Յատուկ քննչական ծառայութիւն (ՅՔԾ) եւ մերժուած: Առաջին ատեանի դատաւորը անուշադրութեան մատնած է այդ կարեւոր փաստերը եւ Առաջին ատեանի դատարանը ոչ իրաւաչափ համարած է Հանրապետութեան Աւագ դատախազութեան եւ ՅՔԾ-ի անգործութիւնը»:

Այս բոլորը ցոյց կու տա՞ն, որ Հայաստանի մէջ երեւելի բեւեռացում մը կայ։

«Ո՛չ, այդպէս չէ։ Այն մարդիկ, որոնք կը համարեն, թէ Շուշին հայկական չէ, որոնք կը համարեն, թէ Արցախը Ատրպէյճանինն է, կարծես՝ ինչպէս Նիկոլը կը կարծէ, խորքին մէջ փոքրամասնութիւն են։ Մեր ժողովուրդը չի կրնար բեւեռացած ըլլալ, որ Շուշին հայկակա՞ն է, թէ ոչ: Կա՛յ հայ ժողովուրդ եւ կան Փաշինեան, առաւել քանի մը հոգի: Հայ ժողովուրդի բեւեռացման պատճառ չի կրնար դառնալ այն, որ Շուշին հայկական չի համարեր», համոզուած է Գեղամ Մանուկեան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Չորեքշաբթի, Մարտ 3, 2021