ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՆՈՐ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։ Օր մը առաջ ալ Արա Այվազեան զրուցած էր Եւրոյանձնաժողովի Հարեւանութեան եւ ընդլայնման քաղաքականութեան գծով յանձնակատար Օլիվէր Վարհէիի հետ։ Այս հեռախօսազրոյցները կը զուգադիպին այն ժամանակաշրջանին, երբ 1  մարտ 2021 թուականի դրութեամբ լիարժէք ձեւով ուժի մէջ մտած է Հայաստան-Եւրոմիութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը։ Այվազեան եւ Պորել համոզուած են, թէ սա նոր հեռանկարներ կը բանայ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան բազմաոլորտ գործընկերութեան առջեւ։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներէն ներս համագործակցութեան եւ այդ ծրագրի վերաբերեալ ապագայ միջոցառումներու ժամանակացոյցին շուրջ։ Այդ հարթակը կարեւորուեցաւ ԵՄ-ի եւ ԵՄ-ի անդամ երկիրներու հետ համագործակցութեան տեսակէտէ։

Հեռախօսազրոյցի ժամանակ հանգամանալից անդրադարձ կատարուեցաւ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն։ Արա Այվազեան եւ Ժոզէֆ Պորել կանգ առին Արցախի առկայ մարդասիրական տագնապին եւ անոր հետեւանքով ստեղծուած մարտահրաւէրներու դիմագրաւման նպատակով միջազգային գործընկերներու ներգրաւման անհրաժեշտութեան վրայ։

Երկուստեք կարեւորուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման հարցերուն լուծում որոնելը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս։

Չորեքշաբթի, Մարտ 3, 2021