ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՋԱՆՔԵՐ

Հայաստանի առկայ քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ լուծման որոնումները կը շարունակուին։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան արդէն չէ վաւերացուցած՝ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկման ուղղեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրամանագիրը։ Նախագահ Սարգսեան զուգահեռաբար դիմեց Սահմանադրական ատեան՝  զինուորական ծառայութեան եւ զինուորական ծառայողի կարգավիճակի մասին օրէնքին առընչութեամբ։ Արմէն Սարգսեանի այս քայլը որոշ չափով հիասթափութիւն յառաջացուցած է ընդդիմութեան մօտ։ Արդարեւ, հայկական զինեալ ուժերը հրաժարելու հրաւիրած էին Հայաստանի կառավարութիւնը եւ այդ իրավիճակին մէջ Նիկոլ Փաշինեան նախաձեռնած էր զօրավար Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկման։ Արմէն Սարգսեան չէր վաւերացուցած համապատասխան որոշմնագիրը, ինչ որ մեծապէս բաւարարած էր ընդդիմութիւնը։ Յամենայնդէպս, նախագահ Սարգսեան այս հարցին վերաբերեալ նոյն հաստատակամութիւնը չի տեւականացներ։ Ան թէեւ կառավարութեան որոշմնագիրը հակասահմանադրական նկատած էր, սակայն, իրեն վերադարձուած այդ որոշմնագիրը թէեւ դարձեալ չստորագրեց, սակայն Բարձրագոյն դատարանին մօտ ուղղակիօրէն այդ որոշմնագիրը վիճարկելու առընթեր որոշեց վիճարկել վերոյիշեալ օրէնքը։ Այսպէսով, ըստ մեկնաբաններու, գետին կը պատրաստուի, որպէսզի առանց Արմէն Սարգսեանի վաւերացման՝ իրաւունքի ուժով ի զօրու դառնայ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի պաշտօնազրկման որոշումը։ Այս հեռանկարին առջեւ Հայաստանի զինեալ ուժերու ղեկավար կազմն ալ վերահաստատած է իր գնահատականները եւ հրապարակաւ յորդորած՝ դադրեցնել անհիմն մեղադրանքներն ու բանակը քաղաքական գործընթացներու ներքաշելու ուղղեալ փորձերը։

Մինչ այդ, Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութենէն «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար երեսփոխան Էտմոն Մարուքեանը, որ այսօր ալ ժամադրուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Մարուքեան երէկ Հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու հարցը, նաեւ սահմանադրական փոփոխութիւններու միջոցաւ կիսանախագահական կառավարման համակարգի վերահաստատման նպատակայարմարութիւնը։ Հարկ է նշել, որ Փաշինեան վերջին հանրահաւաքի ընթացքին խօսած էր յառաջիկայ աշնան հանրաքուէով մը կիսանախագահական համակարգի վերահաստատման շուրջ։ Էտմոն Մարուքեան ներկայիս թէեւ ընդդիմութեան շարքերուն մաս կը կազմէ եւ վարչապետի հրաժարականն ալ պահանջած է, սակայն որոշ առումներով կը տարբերի «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» արտախորհրդարանական ուժերու ընդդիմադիր խմբաւորումէն։ Նա՛խ, ան յայտնած է, որ ինք վարչապետի թեկնածու է։ Յետո՛յ, մինչեւ մօտաւոր անցեալը ան բաւական սերտ կապեր ունեցած է Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Ուստի, ներկայիս ստեղծուած իրավիճակին մէջ իրեն կը վիճակի որոշ դեր մը։ Հայաստանի իշխանութիւններն ալ կը զգան, որ արտահերթ ընտրութեան մը երթալը անխուսափելի է, թէեւ այս մասին երկդիմի յայտարարութիւններ կը կատարեն։ Գործնականին մէջ Փաշինեան կը ձգտի արտահերթ ընտրութեան երթալ՝ կառավարութեան գլուխ մնալով։ Միացեալ ընդդիմութիւնը կը պահանջէ, որ արտահերթ ընտրութիւնը կազմակերպուի՝ առանց Փաշինեանի, անցումային շրջանէ մը վերջ, որպէսզի ան պետական լծակները օգտագործելով առաւելութեան հասնիլ չփորձէ։ Ընդդիմադիր շրջանակներու վերլուծաբանները ստեղծուած իրավիճակին մէջ կը մատնանշեն, որ Էտմոն Մարուքեանի միջոցաւ յառաջ տարուած ջանքերը կը միտին մթնոլորտ ստեղծելու՝ առանց կառավարութեան հրաժարականի արտահերթ ընտրութեան ձեռնարկելու ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 3, 2021