ՈՒՔՐԱՅՆԱՆ ԴԷՊԻ ԲԱԺԱՆՈ՞ՒՄ
Երէկ ամբողջ օր կը սպասուէր Ռուսաստան-Ուքրայնա բանակցային հանդիպման։ Ըստ «Ռէօյթըրզ» գործակալութեան, հանդիպումը նախատեսուած էր Սպիտակ Ռուիսոյ եւ Լեհաստանի սահմանային հատուածէն ներս, սակայն առանց յստակ պատճառներու բանակցութիւնները առկախուեցան։ Ռուսական լրատուամիջոցները, որոնք բանակցութեանց մասին առաջինը լուր հրապարակած էին, յայտնած էին նաեւ, որ ռուսական պատուիրակութիւնը արդէն իսկ ճամբայ ելած էր դէպի բանակցութեանց վայրը։
Ամէն պարագայի տակ, արդէն իսկ ութ օրերէ ի վեր կը շարունակուի այս պատերազմը եւ Մոսկուա ռազմական բաւական ծաւալուն գործողութիւններ կատարելէ բացի՝ լրջօրէն տրամադրուած է բանակցութիւններու։ Թէեւ արեւմտեան աղբիւրներ բանակցութեանց վերաբերեալ Ռուսաստանի «նախապայմաններ»ը անընդունելի եւ անիրատես կը համարեն, բայց եւ այնպէս, նման պարագաներով՝ նոյնիսկ ամենավատ հռետորաբանութեամբ զիրար «լուացող» կողմերուն ի մի գալն իսկ կը համարուի դրական։ Ի դէպ, երէկ «սպասուած» բանակցութիւնները, որոնք կը կարծուէր, թէ տապալած էին, տեղի կ՚ունենան այսօր առաւօտուն։ Թէեւ մեծ ակնկալիքներ չկան այս բանակցութիւններէն, բայց եւ այնպէս, երկու կողմերուն համար ալ կարեւոր է սեղանի շուրջ նստելու «վարժութիւններ» կատարելը։
Քաղաքական գետնի վրայ երէկուան իրադարձութիւնները ընդհանրապէս այնքան ալ մեծ չէին։ Բացառութիւն է Ուքրայնոյ նախագահ Զելենսքիի յայտարարութիւնը, ըստ որու Եւրոմիութեան անդամակցելու մասին իրենց դիմումը պիտի ունենայ դրական արդիւնք։ Անշուշտ, Զելենսքիի համար մեծ կարեւորութիւն ունի իր երկրին Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը, որովհետեւ եթէ ԵՄ որպէս լիիրաւ անդամ ընդունի Ուքրայնան, ապա այդ բանը պիտի դառնայ տարբեր առումներով դարձակէտային։ Այլ խօսք, որ ԵՄ-էն ներս ալ այս նիւթով կան հակասական կարծիքներ՝ այն իմաստով, թէ այս օրին հասած, ծանր հարուածներու ենթարկուած երկրի մը եւրոպական ընտանիքին մաս դառնալը ինչքան ձեռնտու է։ Ամէն պարագայի, այս խնդիրը պիտի յստականայ յառաջիկայ օրերուն եւ այս առումով եւրոպական մեծ ընտանիքին առջեւ շատ ժամանակ չկայ։
Ժամ առ ժամ յստակ կը դառնայ, որ Ռուսաստանի բանակը կ՚ընթանայ իր գծած ուղղութիւնով։ Այսպէս, ռուսական ռազմանաւը կը մօտենայ Օտեսա՝ Խարքովէն, Խերսովէն, Տրոսթեանեցէն վերջ (վերջին երկուքի պարագային ռուսական զօրքերու տիրապետութիւնը ամբողջական չէ)։ Օտեսայի գրաւումը, անշուշտ, պիտի դառնայ շատ հատու հարուած մը եւ պաշարման անքակելի օղակ մը պիտի ստեղծէ՝ արդէն իսկ վիրաւոր մայրաքաղաք Քիեւի տեսակէտէ։
Ուշագրաւ իրադարձութիւններ կան նաեւ Խարքովի մէջ, ուր, ըստ BBC-ի, տեղի կ՚ունենան թաղային մարտեր, որոնց կը մասնակցին ռուսական օդապարիկաւորներ։
Ինչ կը վերաբերի Քիեւի ընդհանուր պատկերին, ապա յայտնի է, որ մայրաքաղաքի պարագային այսօր կարեւոր իրադարձութիւններ կրնան պատահիլ։ Մինչ քաղաքապետ Վիթալի Քլիչքով քաղաքացիներուն չթուլանալու կոչ ուղղած է, լրահոսին մէջ աչքի կը զարնէ, որ ՆԱԹՕ-ի երկիրներու նախկին ռազմիկ-քաղաքացիներու առաջին խումբը շուտով պիտի հասնի Քիեւ։ Ի դէպ, այս աշխարհազօրային գունդը կազմուած է Զելենսքիի կոչով։ Ան դիմած էր դաշնակից երկիրներուն եւ քանիցս օգնութիւն խնդրած էր անոնցմէ։
Ռազմական գործողութիւններուն զուգահեռ՝ մեծ շահարկում կը կատարուի այս պատերազմի ընթացքին ռուսական բանակի կորուստներուն շուրջ։ Այս մասին խօսած է Քիեւի ռազմավարական կեդրոններէն մէկուն տնօրէնը՝ Ռամատան Օրաք, որ BBC-ին տեղեկացուցած է, որ օրուան ընթացքին ռուսական բանակի զոհերուն թիւը հասած է 7 հազարի։ Ան նաեւ յոյս յայտնած է, թէ այդ կորուստները կրնան պատճառ դառնալ, որպէսզի Ռուսաստանի մէջ բողոքի ալիք մը բարձրանայ եւ մարդկային կորուստներու գործօնը շատ աւելի ազդեցիկ դառնայ՝ քան, ըսենք, տնտեսական կամ լրատուական հարուածները, որոնց կը դիմակայէ Մոսկուան։
Այլ ուշագրաւ միտք մըն ալ յայտնած է Օրաք, որ ըսած է, թէ մինչ Խորհրդային Միութիւնը Աֆղանիստանի մէջ տուած էր 10 տարուան ընթացքին 15 հազար զոհ, այժմ 7 օրուան ընթացքին Ռուսաստանի զոհերուն թիւը հասած է 7 հազարի։ Իր խօսքով՝ Ռուսաստանի համար Ուքրայնան պիտի դառնայ նոյնը՝ ինչ որ Աֆղանիստանը եղած էր Խորհրդային Միութեան համար։
Դժուար է հաւատալ, թէ իսկապէս ռուսական բանակի զոհերուն թիւը հասած ըլլայ 7 հազարի։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ հաստատուած տեղեկութիւններով՝ զոհերու թիւը ամենաշատը 500 է։ Ամէն պարագայի, տակաւին շատ վաղ է խօսելու համար երկու կողմերու իսկական վնասներու պատկերին մասին եւ ճիշդ տուեալներ ստանալը կարելի պիտի ըլլայ միմիայն պատերազմի աւարտէն վերջ։
Արդեօք կա՞ն Ուքրայնայի ապագային վերաբերեալ «թաքուն» ծրագիրներ։ Ռուսաստանի համար այս պահուն ամենաէականն է Քիեւը ձեռքին մէջ առնելը։ Ան պիտի կամենայ, որ իր զօրքերը «մխրճուած» մնան Ուքրայնայի մէջ՝ աչքի առնելով ամէն տեսակ սադրանք կամ դաւադրութիւն։ Եւ կամ ան յօժարակամ կերպով ու կազմել տալով իր քաղաքական գիծին մօտիկ եւ ՆԱԹՕ-ի ներկայութեան դէմ վարչակարգ մը՝ կամացուկ մը դուրս գալ Քիեւէն։ Չի բացառուիր, անշուշտ, որ Զելենսքին «փրկելու» համար եւ Արեւմուտքի մեծ ճնշումներով Փութին վերատեսութեան ենթարկէ իր ծրագիրները։ Կարեւորը, չմոռնանք կարեւորը՝ Ուքրայնայի ռուսազգի քաղաքացիներու անվը-տանգութեան ապահովումն է եւ սա մէկ բառով կը նշանակէ Տոնպասի (բոլոր առումներով ալ հարուստ շրջան մը) Լուկանսք եւ Տոնեցք շրջանային մարզական կեդրոններու «ազատագրումն» է, ինչ որ արդէն տեղի ունեցաւ ու այնտեղ հռչակուած երկու ինքնիշխան հանրապետութիւնները գործնականօրէն կը համարուին Ռուսաստանին միացած ու անոր «թիկունք» շրջաններ։
Այս բոլորէն անդին, չի բացառուիր, որ Ռուսաստան Ուքրայնայի այլ շրջանններն ալ իրեն կցէ եւ սա արդէն կ՚ըլլայ մեծ պատասխան մը նոյնինքն Փութինի կողմէ։ Ինչքան ալ համբերատար ըլլայ «ռուսական արջ»ը ու ինչքան ալ ձիւնի նման ըլլայ սպիտակ, իրեն համար որեւէ կերպով «հասկնալի», ընկալելի կամ ընդունելի պիտի չըլլայ, որ իր քիթին տակ ծաղկի եւ աճի ՆԱԹՕ-ի «կանոններ»ով ապրող երկիր մը, որուն հեռահար նպատակը կորիզային դառնալն է։
Ի վերջոյ, ինչքան ալ բարդ ըլլան այս պատերազմն ու անոր տնտեսական, ընկերային կամ մշակութային հետեւանքները՝ անհնար է, որ իրավիճակը վերադառնայ այն կէտին, ուր էր այս պատերազմի ծագելէն առաջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան