ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ՄԵՍՐՈՊ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի շրջանի պոլսահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։ Այժմ ամերիկաբնակ դարձած նախկին պոլսահայերու կողմէ ստեղծուած կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչները Նիւ Եորքի առաջնորդարանի երդիքին տակ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան։ Դահլիճին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ իւրաքանչիւր մասնակից առաջնորդ հայր սուրբին ներկայացաւ եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց իր ներկայացուցած հաստատութեան գործունէութեան շուրջ։ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանն ալ բոլորը գնահատեց համայնքէն ներս իրենց ծաւալած գործունէութեան, ապահոված աշխուժութեան, ինչպէս նաեւ թէ՛ Արեւելեան թեմին եւ թէ ընդհանրապէս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ իրենց բերած ներդրումին համար։
Հանդիպման ընթացքին հայ դպրոցի եւ մշակութային կեանքի մասին զրոյց ծաւալուեցաւ եւ այս շրջանակին մէջ կարծիքի փոխանակումներ կատարուեցան հաստատութիւններու վերափոխման, գործունէութեան վերակենդանացման եւ առաքելութեան ամրապնդման առանցքներուն շուրջ։
Նիւ Եորքի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ առանձնապէս կարեւոր ուրիշ հարց մը։ Արդարեւ, յառաջիկային կը նախատեսուի Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութիւնը։ Ուստի, առաջնորդ հայր սուրբը պոլսահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ խորհրդակցեցաւ այս այցելութեան նախապատրաստական եւ կազմակերպչական աշխատանքներուն շուրջ։
Տեսակցութեան ներկայ գտնուեցան առաջնորդական փոխանորդ Տ. Սիմէոն Աբեղայ Օտապաշեան եւ Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն Արեւելեան թեմէն ներս կը շարունակէ իր ուսումը։