ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻ ՎԵՐՅԻՇՈՒՄ

Լիբանանահայ յայտնի մտաւորական եւ երախտաշատ կրթական մշակ Ժիրայր Դանիէլեան վերջերս ոգեկոչուեցաւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ։ Հոգելոյս Ժիրայր Դանիէլեան թէեւ լիբանանահայ մտաւորական մըն էր, սակայն, իր ներդրումը արդէն դարձած էր համահայկական եւ ան բառին բուն իմաստով սփիւռքեան արժէք մըն էր։ Բարեյիշատակ Ժիրայր Դանիէլեանի յիշատակին կազմակերպուած ձեռնարկը հովանաւորեց Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը։ Անթիլիասի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր բարձր մակարդակով եւ որու ընթացքին սրահը արդէն ամբողջութեամբ լեցուն էր։

«Յուշ-երեկոյ Ժիրայր Դանիէլեանի» անուան տակ կազմակերպուած հանդիսութիւնը առիթ դարձաւ՝ բարեյիշատակ մտաւորականին նուիրուած «Անկրկնելի Ժիրայր Դանիէլեանը» խորագրեալ հատորի ծանօթացման։ Այսինքն, ոգեկոչման երեկոյթը միեւնոյն ժամանակ ունէր շնորհանդէսի բնոյթ։ Ձեռնարկի ընթացքին խօսք առին Երեւանէն յայտնի գրականագէտ՝ փրոֆ. Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան, տքթ. Երուանդ Քասունի եւ Կարօ Յովհաննէսեան։ Հարկ է նշել, որ  Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան ձեռնարկի ընթացքին ներկայացուած հատորի խմբագիրն է։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեանի բացման խօսքէն վերջ ծաւալուն ելոյթ մը ունեցաւ Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան։ Իր խօսքով՝ Ժիրայր Դանիէլեան տիրապետած էր բանասիրութեան երեք հիմնական բաժիններուն՝ գրականութեան պատմութեան, տեսութեան եւ քննադատութեան։ Հանգուցեալը հմուտ էր անոր ամենէն դժուար բաժնին՝ մատենագիտութեան։ Ժիրայր Դանիէլեան բացառիկ գիտակ մըն էր իր կատարած գործին եւ անոր իւրաքանչիւր գործը արժանի է գիտական աստիճանի։ Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան հաստատեց, որ հոգելոյս Դանիէլեանի գրութիւնները խիտ են եւ բովանդակալից, իսկ ուսումնասիրութիւնները լոկ որոնումներ չեն, այլ՝ յայտնութիւններ։ Աւելի՛ն, Ժիրայր Դանիէլեան ըմբռնած էր բանասիրութեան իւրայատուկ լեզուն եւ հասկացութիւնները, նաեւ գիտական, բանասիրական շարադրանքի լեզուով կ՚արտադրէր իր գործը. բան մը, որ եզակի է սփիւռքի մէջ։ Տէր-Խաչատուրեան ցաւ յայտնեց, որ Ժիրայր Դանիէլեանի տեղը թափուր մնացած է։ Բայց եւ այնպէս, ան համոզուած է, թէ անոր մասին ուսումնասիրութիւններ պիտի կատարուին, որովհետեւ հանգուցեալը այնպիսի հեղինակ մըն էր, որ գիտական հարուստ ժառանգութիւն թողած է։

Երեկոյթի միւս ատենախօսներն ալ բիւր յարգանքով եւ բարձր գնահատանքով արժեւորեցին Ժիրայր Դանիէլեանի թողած մտաւորական աւանդը։

Ձեռնարկի աւարտին արտայայտուեցաւ նաեւ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որ խօսեցաւ Ժիրայր Դանիէլեանի հետ մտերմութեան մասին։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ հանգուցեալը ճանչցած էր տարբեր ժամանակներու, տարբեր հանգամանքներու եւ տարբեր շրջագիծերու մէջ։ Արամ Կաթողիկոս ընդգծեց, որ հանգուցեալը բառին ամբողջական իմաստով բանասէր մըն էր, նաեւ իբրեւ տնօրէն եւ ուսուցիչ սերունդներ պատրաստած էր եւ այս առումով շատ կարեւոր ներդրում մը ունեցած էր Լիբանանի հայութեան մշակութային կեանքէն ներս։ «Թող Աստուած երկնային օթեւաններուն մէջ ընդունի սիրելի Ժիրայրի հոգին», եզրափակեց Արամ Կաթողիկոսը։

Ուրբաթ, Մարտ 3, 2023