ԿԱՄՔԻ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան պատրաստ է լիովին կարգաւորել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ եւ հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ։

Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան շփումներ ունեցաւ Պերլինի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի կողմէ։ Վարչապետին ուղեւորութիւնը կ՚եզրափակուի այսօր։ Ան Գերմանիոյ ղեկավարութեան կողմէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուելու առընթեր, այցելեց նաեւ Գերմանիոյ Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդը։ Թէ՛ Օլաֆ Շոլցի հետ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ եւ թէ Գերմանիոյ Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի երդիքին տակ տեղի ունեցած ելոյթին ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր յայտարարութիւններ ըրաւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։

Պերլինի մէջ հնչած յստակ պատգամներով Նիկոլ Փաշինեան վերահաստատեց Հայաստանի կամքը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ։ Ան ըսաւ. «Տարածաշրջանային խաղաղութեան Հայաստանի տեսլականի մէկ այլ երեսակը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումն է։ Մենք պատրաստ ենք լիովին կարգաւորել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ։ Մենք կը յուսանք ամբողջութեամբ բանալ մեր ընդհանուր սահմանը, որ միակողմանիօրէն փակուած էր 1990-ական թուականներու սկիզբին Թուրքիոյ կողմէ։ Մենք ունինք յառաջ շարժուելու քանի մը փոքր, բայց յուսադրող նշաններ։ Մեր երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչները 2022 թուականի յուլիսին համաձայնեցան օդային բեռնափոխադրումներ հաստատելու շուրջ եւ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար պետական սահմանները բանալու մասին»։

Աւելի վերջ վարչապետը մատնանշեց, որ անցեալ յունուարին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ օդային բեռնափոխադրումներու արգելքը դադրած է։ Ան յոյս յայտնեց, թէ շուտով պիտի բացուի նաեւ սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար։ Փաշինեան յիշեցուց անցեալ տարեվերջին Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ Փրակի մէջ ունեցած հանդիպումը, որու ընթացքին քննարկուած են յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարները։

«Վերջին աւերիչ երկրաշարժէն յետոյ Հայաստան արագօրէն արձագանգեց։ Ես հեռաձայնեցի նախագահ Էրտողանին՝ ցաւակցութիւն յայտնելու համար եւ առաջարկեցի մեր աջակցութիւնը։ Աւելի վերջ տուժած շրջաններ ուղարկեցինք մարդասիրական օգնութիւն եւ փրկարարական խումբ։ Շատ կարեւոր է, որ մարդասիրական օգնութեան երկու շարասիւն Թուրքիա մուտք գործեց սահմանային կամուրջով, որ երեսուն տարիէ ի վեր փակ էր։ Մեր փրկարար ջոկատը Հայաստան վերադարձաւ այդ նոյն կամուրջով։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը այցելեց Թուրքիա, հանդիպեցաւ իր պաշտօնակցին հետ եւ վերահաստատեց յարաբերութիւնները ամբողջութեամբ կարգաւորելու մեր պատրաստակամութիւնը։ Թէեւ վերջին շփումները, ի հարկէ, զուտ մարդասիրական բնոյթ ունէին, այնուամենայնիւ, մենք ուրախ կ՚ըլլանք տեսնել նաեւ քաղաքական արդիւնքներ», յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան։

Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ Նիւ Տելհիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Հարկ է նշել, որ Արարատ Միրզոյեան երկօրեայ աշխատանքային ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Հնդկաստան։ Իսկ Սերկէյ Լաւրով մասնակցեցաւ Հնդկաստանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած՝ Մեծն քսանեակի (G-20) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Միրզոյեան-Լաւրով զրոյցը տեղի ունեցած է դռնփակ։ Ուստի, խօսակցութեան մանրամասնութիւններուն կապակցութեամբ տակաւին որեւէ տեղեկութիւն չէ հաղորդուած։

Ուրբաթ, Մարտ 3, 2023