ՆԻՒ ՏԵԼՀԻԻ ՄԷՋ ԵՐԿԱՐ ԱՏԵՆ ՎԵՐՋ ՇՓՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հանդիպում մը ունեցան Նիւ Տելհիի մէջ։ Երկու նախարարները այնտեղ կը գտնուէին մասնակցելու համար Մեծն քսանեակի (G-20) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ Հնդկաստանի տանտիրութեամբ։ Երէկուան տեսակցութիւնը ոտքի վրայ հանդիպում մըն էր, որ տեւեց շուրջ 10 վայրկեան։ Յամենայնդէպս, միջազգային բեմահարթակի վրայ լայն արձագանգ գտաւ այս մէկը։ Արդարեւ, Ուքրայնայի պատերազմի սկսելէն ի վեր սա եղաւ Մոսկուա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ բարձր մակարդակի առաջին շփումը։

Կը հաղորդուի, որ Էնթընի Պլինքըն զրոյցի ընթացքին Սերկէյ Լաւրովին կոչ ուղղած է, որպէսզի սկսի դիւանագիտութիւնը, որ պիտի ապահովէ պատերազմի փութով վերջ գտնելը։ Միեւնոյն ժամանակ, Պլինքըն Լաւրովի նկատառման յանձնեց, որ Ռուսաստան պէտք է վերադառնայ՝ հիւլէական զէնքերու վերահսկման ուղղեալ այն համաձայնութիւններուն, որոնցմէ դուրս եկած է վերջերս։ Պետական քարտուղարը վերահաստատեց Ուաշինկթընի աջակցութիւնը ի նպաստ Քիեւի։

Բաց աստի, Էնթընի Պլինքըն կոչ ուղղեց, որպէսզի Ռուսաստան ազատ արձակէ ԱՄՆ-ի քաղաքացի Փոլ Ուէլան, որ կալանքի տակ կը գտնուի: 

Ուրբաթ, Մարտ 3, 2023