Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ յետմիջօրէին Գերմանիայէն ժամանեց քաղաքս։ Ան դիմաւորուեցաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ իրեն համախոհ խումբ մը ազգայիններու կողմէ։ Հակառակ անոր, որ Պատրիարքարանի մէջ իրեն համար կարգադրութիւններ կատարուած էին, Նորին Սրբազնութիւնը չնախընտրեց երթալ Գումգաբու։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան քաղաքս հասնելէ վերջ ճաշարանի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ իր խումբ մը համախոհներուն կողմէ եւ աւելի վերջ անցաւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքի յայտնի անուններէն Թորոս Աբիկի բնակարանը, որ կը գտնուի Եշիլգիւղի մէջ եւ ուր Նորին Սրբազնութիւնը որոշեց իջեւանիլ երէկ երեկոյեան։
Կը նախատեսուի, որ այսօր յետմիջօրէին Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այցելէ Պատրիարքարան՝ տեսակցելու համար Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։ Համայնքային առկայ անելին մէջ հետաքրքրութեամբ կը սպասուի այս տեսակցութեան արդիւնքին։ Համայնքային շրջանակներն ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն։
Երէկ, իր ժամանումէն վերջ, կարճ տեսակցութիւն մը ունեցանք Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին հետ, որ մեզի յայտնեց, թէ Պատրիարքարանի մէջ այսօր նախատեսուած հանդիպումէն ունի լուրջ սպասումներ։