ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ. 8 ՎԻՐԱՒՈՐ
Երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ պատահեցաւ մեծ պայթում մը։ Դէպքը տեղի ունեցաւ Հիւսիսային պողոտայի մէջ։ Burger King ճաշարանէն ներս պատահեցաւ պայթումը, որու հետեւանքով ութ հոգի վիրաւորուեցան։ Կը հաղորդուի, որ դէպքը քրէական բնոյթ չունի։ Պայթումը տեղի ունեցած է ճաշարանի լցնովի գարեջուրի տակառներու ճնշումը կարգաւորող սարքի հետեւանքով։
Պայթումէն անմիջապէս վերջ դէպքի վայր հասան շտապօգնութեան ինքնաշարժեր, ինչպէս նաեւ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան պաշտօնատարներ։ Նախարար Դաւիթ Տօնոյեանն ալ անձամբ փութաց դէպքի վայր։
Ութ վիրաւորեալներու շարքին դժբախտաբար կան անչափահասներ։ Վի-րաւորեալներու երեքը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի է, երեքը՝ Ռուսաստանի եւ երկուքը՝ Իրանի։ Ռուսաստանի եւ Իրանի քաղաքացիներու շարքին ալ կան հայազգիներ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վիրաւորեալներէն 8-ամեայ Ռուբինա Մարկոսեանի վիճակը ծանր է։ Միւս վիրաւորեալներու կեանքին վտանգ չի սպառնար։