ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ վերջերս ստորագրուած հրամանագրերով կատարուեցան նոր դեսպաններու նշանակումներ։ Այսպէս, Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտէճեան ազատուեցաւ իր պաշտօնէն։ Չիտէճեան հայկական դիւանագիտութեան տուայէն դէմքերէն մին է։ Ըլլալով Հայաստանի երիցագոյն դեսպաններէն մին՝ թէ՛ յառաջացած տարիքի եւ թէ առողջութեան խնդիրներու բերումով իր պաշտօնէ հրաժեշտ առնելը օրակարգի վրայ էր երկար ժամանակէ ի վեր։ Ի վերջոյ, նախագահական հրամանագրով այդ սպասումը արդարացաւ եւ Չիտէճեան հրաժեշտ առաւ Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնէն։

Նոյնպէս նախագահ Սարգսեանի հրամանագրով այդ պաշտօնին մէջ իրեն կը յաջորդէ նոր սերունդէ արժէքաւոր դիւանագէտ մը։ Այսպէս, Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուեցաւ Յասմիկ Տոլմաճեան։ Այս վերջինը քանի մը տարիէ ի վեր կը պաշտօնավարէր Ժընեւի մէջ։ Ան Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչն էր ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնին մօտ ու միեւնոյն ժամանակ Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանութեան թիւ երկու աշխատողն էր։ Նկատի ունենալով, որ դեսպանի պաշտօնը կը վարէ Շարլ Ազնաւուրը՝ այդ խորհրդանշական անունին ներկայութեամբ Յասմիկ Տոլմաճեան արդէն մեծաւ մասամբ ինք կը վարէր գործնականօրէն այդ պաշտօնը։ Աւելի առաջ երկար շրջան մը ան եղած էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի անմիջական օգնականը։ Այս կարեւոր փորձառութիւններով՝ Յասմիկ Տոլմաճեան կոչուած է Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպանի կարեւոր պաշտօնին։

Երեւանի ղեկավարութիւնը վերջին շրջաններուն հայկական դիւանագիտական համակարգէն հասած, հասունցած յաջող դէմքերը պաշտօնի կը կոչէ արեւմտեան կարեւորագոյն մայրաքաղաքներու մէջ։ Մօտաւոր անցեալին Ուաշինկթընի մօտ դեսպանի պաշտօնի կոչուած էր Գրիգոր Յովհաննիսեան, իսկ ներկայիս դարձեալ համակարգէն հասած դիւանագէտ մը՝ Յասմիկ Տոլմաճեան գործի կը ձեռնարկէ Ֆրանսայի մէջ. երկիր մը, որ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ ունի կարեւոր կշիռ, նաեւ տեղւոյն ազդու հայ գաղութին բերումով կը համարուի եւրոպահայութեան առանցքը։

Բաց աստի, նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով Իսրայէլի մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուեցաւ Արմէն Սմբատեան։ Այս վերջինը հանրապետութեան նախագահի խորհրդականն էր։ Արմէն Սմբատեան աւելի առաջ եղած էր Մոսկուայի մօտ Հայաստանի դեսպան։ Ան միեւնոյն ժամանակ յայտնի երաժիշտ մըն է։ Անցեալի մէջ եղած է մշակոյթի նախարար, նաեւ վարած՝ Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցի վերատեսուչի պաշտօնը։ Այժմ Արմէն Սմբատեան Իսրայէլի մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնը կը ստանձնէ, սակայն իր նստավայրը կ՚ըլլայ Երեւան։ Ցայսօր, Հայաստանը Իսրայէլի մօտ համատեղութեան կարգով կը ներկայացնէ Գահիրէի մօտ դեսպան Արմէն Մելքոնեան։ Ներկայիս այս վերջինը ազատուած է այդ պաշտօնէն եւ իրեն կը յաջորդէ Արմէն Սմբատեան։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2018