ԱՄՆ ԱՌԱՒ ԾԱՅՐԱՅԵՂ ՔԱՅԼ ՄԸ

Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն միջեւ հետզհետէ տագնապի մը կը վերածուի Ս-400 հրթիռային համակարգերու խնդիրը։ Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր որոշած է ռուսական այդ հակաօդային պաշտպանական համակարգը ձեռք բերել, իսկ ամերիկեան կողմը այս ուղղութեամբ յամառօրէն վերապահութիւն կը դրսեւորէ՝ պատճառաբանելով ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան պարագան։ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի հիմնական տարաձայնութիւններու շարքին կը գտնուի այս խնդիրը եւ որքան որ ժամանակը կ՚անցնի, այդ տարակարծութեան դրսեւորումները այնքան աւելի կը սրուին։

ԱՄՆ-ի ղեկավարութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր Ս-400-ներու վերաբերեալ գործարքը կախուածութեան մէջ կը դնէ իր եւ Թուրքիոյ միջեւ յառաջ տարուած ուրիշ գործարքի մը հետ։ Արդարեւ, Թուրքիա կը ծրագրէ ԱՄՆ-էն գնել Ֆ-35 ռազմաօդանաւեր։ Այդ կործանիչներու ձեռքբերման համար Թուրքիա ցարդ ներդրած է 1 միլիառ ամերիկեան տոլար։ Թուրքիոյ համար պատրաստուած ռազմաօդանաւերու առաջինները արդէն արտադրուած են, կը փորձարկուին ԱՄՆ-ի մէջ եւ այդ օդանաւերը օգտագործելիք անձնակազմն ալ ԱՄՆ-ի ռազմախարիսխներէն մէկուն մէջ կը վերապատրաստուին, կը մարզուին միջոցէ մը ի վեր։ Առկայ տարաձայնութիւններով հանդերձ, դրական սպասումներ խնդրոյ առարկայ են այս ճգնաժամի կարգաւորման համար, սակայն Ուաշինկթընէն երէկ հասած լուրերը եկան ստուեր ածել ընդհանուր լաւատեսութեան վրայ։ ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ուաշինկթըն կը կասեցնէ Ֆ-35 ռազմաօդանաւերու Թուրքիոյ յանձնումը։ Փենթակոնի բանբեր Չարլզ Սամըրս յայտնեց, որ Թուրքիոյ հետ իրենց երկխօսութիւնը կը շարունակուի։ Ըստ իրեն, մինչեւ որ Թուրքիա հրաժարի Ս-400 ռուսական հրթիռները ձեռք բերելէ, ԱՄՆ պիտի առկախէ Ֆ-35-երու յանձնումը։ Իսկ եթէ Թուրքիա Ս-400 հրթիռները ձեռք բերէ, ապա պիտի վտանգուի անոր Ֆ-35 ռազմաօդանաւերու ծրագրին մասնակցութիւնը։ Երէկ այս խնդրին մասին խօսեցաւ նաեւ Փենթակոնի թիւ մէկ պաշտօնատարը։

Այս իրադարձութիւնը զուգադիպեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու այսօրուան ժողովին, որ կը կազմակերպուի Ուաշինկթընի մէջ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւս կը մասնակցի այս հաւաքին։ Ուստի, Փենթակոնի կողմէ երէկ հրապարակուած որոշման շուրջ Չավուշօղլու Անգարայի հակազդեցութիւնը կը ներկայացնէ ամերիկացի երկխօսներուն հետ նախատեսուած երկկողմանի հանդիպումներու ընթացքին։ Չավուշօղլու կը մէկտեղուի ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի եւ նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի հետ։ Սոյն հանդիպումները առիթ կը հանդիսանան քննարկելու համար ստեղծուած իրավիճակը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019