ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԱՊԱՀՈՎԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՁԵՌՆԵՐԷՑ ԺԱՆ-ՇԱՐԼ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆԻ ՄԵԾ ՈՍՏՈՒՄԸ

Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ կը կարդանք.-

Միլիառներու ներդրումներով գրաւուած ապահովագրութեան շուկայ մուտք գործելու յանդգնութիւնը բոլորին տրուած չէ, նա՛մանաւանդ «փոքր»երուն, փոքր ձեռնարկութիւններուն։

Այդ «փոքր»երէն է Ժան-Շարլ Սամուէլեան, որ Շարլ Կոռենթէնի հետ հիմնած է «Alan»ը եւ 2016-ին շուկայ մուտք գործած։ Հարիւր տոկոս առցանց գործող ընկերութիւն մըն է ան, որ կը մատակարարէ կեանքի ապահովագրութեան ծառայութիւններ։ Արդէն աւելի քան 1.200 ընկերութիւններ ապահովագրած են իրենց 10 հազար պաշտօնեաները, կամ բանուորները։ «Alan»ի տարեկան գործարքը կը գերազանցէ 8 միլիոն եւրոն։ Սամուէլեան եւ Կոռենթէն կը յուսան տասն անգամ աւելի յաճախորդ ներգրաւել մինչեւ երեք տարի։ Այսօր հազիւ 30 տարեկանը բոլորած մարսէյլահայ Ժան-Շայլ Սամուէլեան փոքր տարիքէն հետաքրքրուած է համակարգչային աշխարհով եւ գործարար ասպարէզով։ 12-13 տարեկանին արդէն համակարգչային ծրագրաւորումներ յօրինած, համացանցի կայքէջ մը ստեղծած է խաղերու յատուկ պարբերականի մը համար։ Իր գործարարական հակումներն ու յատկութիւնները առաջին նշմարողներէն եղած է իր դասընկերներէն մէկուն հայրը, որ իրեն մեծապէս օգնած է. Սամուէլեան անոր մասին կ՚ըսէ, թէ իրեն համար իսկական դաստիարակ-առաջնորդ մը հանդիսացած է ան։ Այս մէկը հայ երիտասարդին առաջին յաջողութիւնը չէ։

Ան, անցեալին հիմնած է նաեւ «Expliseat» ընկերութիւնը, որ օդանաւեր արտադրող ընկերութիւններու կ՚առաջարկէ սովորականէն շատ աւելի թեթեւ բազկաթոռներ, ինչ որ թոյլ կու տայ վառելանիւթի խնայողութիւն։ Թէեւ Սամուէլեան այդ ընկերութեան իր բաժնեթուղթերը վաճառած է 2015-ին։

Ներկայիս «Alan» դեռ շատ չի մտահոգեր ապահովագրութեան «մեծ»երը։ Բայց հայ երիտասարդ գործարարը, որ կը յիշեցնէ Սթիւ Ճոպսը, կը խոստովանի, թէ դեռ ունի անթիւ-անհամար ծրագրեր։ Յառաջիկայ տարիները ցոյց պիտի տան, թէ՝ ան պիտի յաջողի՞ ներթափանցել «մեծ»երու նեղ շրջանակէն ներս։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019