ԱՐԱ ՇԻՐԻՆԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՌՈՒՍՏԱՌԱՏԻՕԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ

Հայաստանի Հանրային հեռուստառատիօընկերութեան խորհուրդի նախագահ ընտրուեցաւ յայտնի արուեստագէտ ու հասարակական գործիչ Արա Շիրինեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովին կողմէ այս պաշտօնին համար կազմակերպուեցաւ մրցոյթ մը։ Յանձնաժողովը 23 թեկնածուներու շարքին քուէարկութեամբ այդ պաշտօնին արժանի համարեց Արա Շիրինեանը, որ երկար տարիներու փորձառութիւն ունի հեռուստատեսութեան եւ շարժանկարի բնագաւառին մէջ։ Երկարամեայ իր աշխատանքը կ՚ընդգրկէ նաեւ լայն միջազգային փորձառութիւն մը։

Այս ընտրութիւնը պէտք է հաստատուի Հայաստանի վարչապետին կողմէ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019