ԼՈՒՐՋ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ

Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ փոքրամասնական համայնքային վաքըֆներու վերաբերեալ հրապարակուած վերջին շրջաբերականը կը շարունակէ մտահոգութեան առարկայ դառնալ երկրի ոչ-իսլամ համայնքներէն ներս։ Ինչպէս ծանօթ է, երկար տարիներէ ի վեր փոքրամասնական համայնքները զուրկ են իրենց մատակարար մարմինները աւանդական ձեւով՝ ընտրութիւններու միջոցաւ վերանորոգելու հնարաւորութենէն։ Տարիներ առաջ ընտրական նոր կանոնադրութեան մը մշակման պատճառաբանութիւնով ընտրութիւնները առկախուած էին։ Այդ ժամանակ յայտնուած էր, որ ընտրութիւնները կը յետաձգուին մինչեւ ընտրական նոր կանոնադրութեան մշակումը։ Այդ գործընթացը չափազանց երկարաձգուած է ու վաղուց դուրս եկած՝ տրամաբանական սահմաններէ։ Ընտրութիւններու վերաբերեալ դրական սպասումներով հանդերձ, բոլորովին վերջերս փոքրամասնական համայնքները հերթական յուսախաբութիւն ապրեցան՝ իրենց վաքըֆներու ղեկավարման տեսակէտէ։ Արդարեւ, մարտի 11-ին Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց շրջաբերական մը, որով կը նախատեսուի փոքրամասնութեանց հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու կազմերը համալրել նշանակովի դրութեամբ։ Այս իրադարձութիւնը լուրջ անհան-գըստութիւն յառաջացուցած է փոքրամասնական հասարակութիւններէն ներս, որովհետեւ նախատեսուած կարգադրութիւնը ներհակ է աւանդական դրութեան՝ որքան որ ալ ըլլայ ժամանակաւոր։

Կը տեղեկանանք, որ անցեալ շաբթուան մէջ յոյն համայնքէն ներս լայնածաւալ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցած է Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ հրապարակուած այս շրջաբերականին շուրջ։ Յունական համայնքային վաքըֆներու խրախուսման միութեան (RUMVADER) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ժողովը գումարուած է մարտի 28-ին եւ այս կապակցութեամբ երէկ պատրաստուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը ուղարկուած է նաեւ խմբագրութեանս։

RUMVADER-ի ժողովին 70 հոգի մասնակցած է՝ որպէս յոյն համայնքի 49 վաքըֆներու կողմէ ներկայացուցիչ։ Ժողովը գլխաւորած է RUMVADER-ի նախագահ Անտոն Փարիզիանոս։ Ներկայ գտնուած են նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի եւ իր երկու նախորդները՝ Լաքի Վինկաս եւ Թորոս Ալճան։ Խորհրդակցութեան հետեւած է նաեւ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքութեան կողմէ պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Մետրապոլիտ Ափոսթոլ Տանիիլիտիսի։

Անտոն Փարիզիանոս եւ Մորիս Լեւի յոյն համայնքի վարիչներուն տեղեկութիւններ փոխանցած են Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան շրջաբերականին եւ պատասխանած են անոնց հարցումներուն։

Կարծիքի փոխանակումներէ վերջ գոյացած է ընդհանուր համոզում մը, ըստ որոնց հրապարակուած շրջաբերականը փոքրամասնական վաքըֆներու մատակարար մարմիններու կազմերու ձեւաւորման պատմական եզրին եւ աւանդութիւններուն ներհակ է, նաեւ հեռու՝ մերօրեայ կարիքները դիմագրաւելէ։ RUMVADER-ի հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուած է, որ ընտրութիւնը ժողովրդավարական իրաւունք մըն է եւ ժամ առաջ ընտրութեան կատարուիլը անհրաժեշտ ու կարեւոր է՝ յոյն համայնքի եւ անոր վաքըֆներու ապագային տեսակէտէ։ Պահանջուած է, որ Մորիս Լեւի փոքրամասնութեան վաքըֆներու ընտրական կանոնադրութեան փութով հրապարակման վերաբերեալ RUMVADER-ի զգայնութիւնը յանձնէ պատկան մարմիններու նկատառման։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019