ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ԱՅՑԵԼՈՒ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Լոս Անճելըսէն յայտնի եւ շատ համակրելի դէմք մը՝ Սարօ Մարուքեան, որ որդին է մեր համայնքի մօտաւոր անցեալի բարեյիշատակ բարերարներէն ու երախտաշատ վարչայիններէն հոգելոյս Զօհրապ Մարուքեանի։ Սարօ Մարուքեան, որ նախկին պոլսահայ մըն է, երկար տասնամեակներէ ի վեր կը բնակի Լոս Անճելըսի մէջ։ Թէ՛ գործարար կեանքէ ներս արձանագրած յաջողութիւնով, թէ՛ հասարակական կեանքէ ներս վայելած համակրանքով ու յարգանքով, նաեւ կազմակերպչական կարողութիւններով Սարօ Մարուքեան երկար ժամանակէ ի վեր ամերիկահայ կեանքէ ներս կարեւոր դերակատարութիւն ունի՝ որպէս հեղինակաւոր համայնքային գործիչ։ Ան միջոցէ մը ի վեր կը գտնուի քաղաքս։ Հոգելոյս Պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վերջին օծման, յուղարկաւորութեան ու թաղման մասնակցելու համար Իսթանպուլ փութացած է Սարօ Մարուքեան, որու կեցութիւնը ներկայ շաբթուան վերջին օրերուն պիտի հասնի իր աւարտին։ Օգտագործելով իր այցելութեան առիթը՝ ան երէկ այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը։ Սա մեզի համար թէ՛ հաճելի եւ թէ պատուաբեր այցելութիւն մըն էր։ Հաճելի էր այն իմաստով, որ Սարօ Մարուքեան միշտ ողջունելի զրուցակից մըն է եւ կարելի է իր փոխանցած տպաւորութիւններուն եւ դիտարկումերուն միջոցաւ, իր խորհրդածութիւններուն ընդմէջէն առարկայական ու տարրական պատկերացում մը կազմել Միացեալ Նահանգներու մանաւանդ պոլսահայ շրջանակներու ընթացքին շուրջ։ Միւս կողմէ, այս այցելութիւնը պատուաբեր էր, որովհետեւ Սարօ Մարուքեանի ընտանեկան երէցները եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի երէցները տասնամեակներ առաջ եղած են բարեկամներ եւ այդ յարաբերութիւնը ժառանգուած է սերունդէ սերունդ։

Երէկուան այցելութեան ընթացքին ջերմ զրոյց մը ունեցանք Սարօ Մարուքեանի հետ, որ մեզի տեղեկութիւններ փոխանցեց ամերիկահայ կեանքի, Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան իրադարձութիւններուն, նոյնպէս Լոս Անճելըսի Խաչատուրեան դպրաց դաս-երգչախումբի կողմէ ծաւալուած աշխատանքի եւ այլ զանազան նիւթերու շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ ան մտահոգութեամբ ընդգծեց, որ սերնդափոխութեան խնդիրները, մեր ժառանգութեան փոխանցման հարցերը ամէնուրեք կը մնան առկայ։

Սարօ Մարուքեան թէեւ Իսթանպուլի հետ կապը խզած չէ, կը տեւականացնէ իր յարաբերութիւնները, ներկայ կեցութեան օրերուն ալ մեր համայնքէն ներս ունեցած է զանազան շփումներ, այցելած՝ հաստատութիւններ։ Որքան որ ալ բոլորովին խզուած չըլլայ Իսթանպուլէն, ան անմիջական մասնակից մը չէ մեր համայնքային կեանքին, իբր այդ մեր համայնքային կեանքին շուրջ իր բաժնած դիտարկումներն ալ շահեկան էին՝ որպէս «դուրսէն աչք»ի մը հայեացքը։

Հարկ է նշել, որ Սարօ Մարուքեան Միացեալ Նահանգներ հաստատուած պոլսահայերու կեանքէն ներս մղիչ ուժ մը կը համարուի։ Կենսական նշանակութեամբ բոլոր ձեռքբերումներուն մէջ ան ունեցած է իր անփոխարինելի դերակատարութիւնը։ Բաւարար է յիշել, որ Սարօ Մարուքեան եղած է Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան այժմու հոյակապ համալիրի հիմնադիր-բարերարներէն մին։ Երկար տարիներ միութեան վարչութեան մէջ ունեցած է կարեւոր դերակատարութիւն, յաջողած է իր տեսլականին շուրջ համախմբել գործակից ընկերները եւ յարմար գետին պատրաստած է, որպէսզի միութիւնը այսօրուան նախանձելի վիճակին հասնի։ Յամենայնդէպս, իր գործունէութիւնը սահմանափակ չի մնար միայն պոլսահայ շրջանակներով, որովհետեւ ան եզակի դէմքերէն մին է, որ Լոս Անճելըսի հոծ թիւով հայութեան բոլոր շրջանակներուն, բոլոր խաւերուն հետ ունի դրական շփումներ եւ կը համագործակցի դրական նպատակներու համար։

Իրականութեան մէջ Սարօ Մարուքեան Լոս Անճելըսէն միշտ կը հասնի նաեւ Իսթանպուլի կարիքներուն։ Բաւարար է յիշել, որ Պատրիարքարանի շէնքի վերջին նորոգութեան ընթացքին Ամերիկայի մէջ իր ջանքերով հանգանակուած էր 1 միլիոն 200 հազար ամերիկեան տոլար։ Նորոգ վախճանեալ Մեսրոպ Պատրիարքի փափաքին ընդառաջ Սարօ Մարուքեան գլուխ հանած էր այդ հանգանակութիւնը, որու շնորհիւ 1999 թուականի մեծ երկրաշարժին հետեւանքով լրջօրէն վնաս կրած Պատրիարքարանի շէնքը այսօր ունի պատշաճ ու ներկայանալի վիճակ մը։ Այդ անփոխարինելի զօրակցութեան համար քանի մը տարի առաջ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Սարօ Մարուքեանը պարգեւատրած էր Աթոռի շքանշանով։

Երէկուան մեր զրոյցի ընթացքին Սարօ Մարուքեան գնահատանքով ու համակրանքով արտայայտուեցաւ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաքելութեան շուրջ ու տեղեկութիւններ քաղեց թերթիս գործունէութեան այժմու վիճակին առընչութեամբ։ Ան յայտնեց, որ մեծապէս կը կարեւորէ մեր թերթին ու հայ մամուլին յարատեւութիւնը։ Մարուքեան ընդգծեց նաեւ, որ կենսական կը նկատէ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան գործունէութեան լուսաբանումը պոլսահայ մամուլին մէջ։

Զրոյցի աւարտին Սարօ Մարուքեան խմբագրատունէս հրաժեշտ առաւ անկեղծ բարեմաղթանքներու փոխանակումով։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019