ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑ՝ ԵԹՈՎՊԻԱ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Եթովպիա։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախատեսուած են Մնացականեանի հանդիպումները Եթովպիայի նախագահ Սահլէ-Որկ Զեւտէի, Արտաքին գործոց պետական նախարար Թեքլէ Ռիքէի, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ պաշտօնատարներու հետ։ Զօհրապ Մնացականեան հանդիպումներ կ՚ունենայ նաեւ Ափրիկեան Միութեան եւ ՄԱԿ-ի Ափրիկէի հարցերով տնտեսական յանձնաժողովի ներկայացուցիչներուն հետ։

Մինչեւ ապրիլի 4-ը պիտի շարունակուի նախարարին այցելութիւնը, որու ընթացքին հանդիպում մըն ալ նախատեսուած է եթովպահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019